
Հայրական Մտահոգութիւններ․ Վարուժան Արքեպիսկոպոս
Սփիւռքահայ մամուլի աշխատակից Վարուժան արքեպիսկոպոսի յօդուածաշարքին տեղ կու տանք` միաժամանակ ընդգծելով, որ Հայաստանի իշխանութիւններու սանձազերծած պայքարը բարձրաստիճան եկեղեցականներու դէմ կը յատկանշուի ապօրինի որոշումներով, յատկապէս անոնցմէ ոմանց դէմ կիրարկուած ձերբակալութիւններով եւ բանտարկութիւններով: Պէտք է արձանագրել, որ վարչապետ Փաշինեանի յայտարարութիւնները եւ իրաւապահ մարմիններու առած քայլերը հիմնովին կը հակասեն սահմանադրութեան, որուն համապատախան յօդուածները կը շեշտեն եկեղեցի-պետութիւն անջատ ըլլալը, հետեւաբար ալ` եկեղեցւոյ գործունէութեան անկախութիւնը:
«Ա.»
Վերջերս Հայաստանը Արշակաւան է բառին բուն իմաստով: Անկախութենէն ի վեր պատկերը, առաւել կամ նուազ, նոյնն էր: Տարբեր մակարդակներու եւ տարբեր փուլերու իշխանութիւնները` անհոգ, անտարբեր, իրենց քիթին ծայրէն անդին չտեսնող կամ տեսնել չուզող արարածներ: Եսամոլ, եսակեդրոն, անձնասէր, փառասէր, հաճոյակատար, անկուշտ դրամապաշտ անձեր, որոնք պատճառ դարձան, որ հայրենիքը պարպուի, ազգային արժէքները գունաթափին: Ժողովուրդը, որուն նկարագիրը խեղաթիւրուած էր արդէն մէկ կողմէ խորհրդային իշխանապետութեան տակ եւ միւս կողմէ` օտար միջավայրերու ազդեցութեան տակ, առաւել եւս կը խաթարուի, նոր, բայց անխոհեմ ու անհեռանկար ղեկավարներու մենատիրական հիւանդագին ձեռքերուն տակ:
Հայաստանի մէջ այսօրուան այլանդակ եւ ստուգապէս հայասպան շարժումները ուրիշ բան ցոյց չեն տար, եթէ ոչ` հոգեպէս լրիւ սնանկացած կամ վաճառուած մարդիկ, որոնք իշխանութեան գլուխ անցած փանջունիական ոգեւորութեամբ… աւերներ կը գործեն:
Վճռորոշ արարի մը առջեւ կանգնած է հայ ժողովուրդը` իր արդէն իսկ վիրաւոր հոգեկան էութեամբ, հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ:
Հայաստանի մէջ կայ քիչ յայտնի, ընդհանրապէս ծածուկ գործելակերպ մը, որ սողունի մը պէս կը գործէ, կը կրծէ եւ որեւէ ժամանակէ աւելի վատ գործելակերպերէն անդին անցած է եւ ազգը մատնած` մտահոգիչ գահավիժումի: Մեր պատմութեան մէջ շատ քիչ ղեկավարներ ունեցած է այս ժողովուրդը: Ղեկավար, որ իր հոգերը ստանձնէ, ցաւերը ամոքէ եւ իր ու իր երկրին իրավիճակը ապահովէ եւ բարելաւէ:
Ճիշդ է, իբրեւ փոքր ածու` այս ժողովուրդը օժտուած է նաեւ արութեան ձեռքբերումներով, սակայն անոնց կողքին ձախողութիւնները եղած են շատ աւելի գերակշիռ:
Մեծանուն Յ. Պարոնեան շատոնց անդրադարձած է այս ախտին եւ` հեղինակաւոր կերպով արձանագրած, որ մենք «Տիրացու ազգ» ենք: Ցաւալի, բայց իրաւ: Եղած ենք օտարամոլ ազգ մը, աւելի օտարին ծառայած, քան` մենք մեզի: Եղած ենք իրերամերժ ազգ մը, այլասէր, իր ազգակցին նախանձող, մատնիչ, դաւաճան: Եղած ենք չէրչի ազգ մը, նիւթապաշտ, նիւթով ծախուելու պատրաստ, նիւթով ծախելու մենք մեզ, մեր սրբութիւնները: Եղած ենք ազգ մը` զիրար չհասկցող, զիրար ոտնահարող, զիրար արհամարհող, դիմացինը նուաստացնելը հերոսութիւն համարող: Եղած ենք ազգ մը` դիմացինի կարծիքին վրայ թքնող, ուրիշին հետ խորհրդակցիլ չհանդուրժող, եսամոլ, գոռոզ, անձնապաշտ: Առաջին քրիստոնեայ ազգը, որ Աւետարաններէն քիլոմեթրերով հեռու մնացած է եւ կը մնայ: Յատկապէս` ազգին ղեկավար, ընտրանի տարրը:
Եղած ենք ազգ մը, որ քիչ ատեն ունեցած է Ազգային խորհրդարան, ազգին ընտրեալներու խորհրդակցական սրահ: Բայց շուտով զայն վերածած է գինետունի վայել, փողոցի զբօսարան սրճարանի, գռեհիկ, վարնոց արտայայտութիւններով ճոխ եւ այլանդակ թատերաբեմի:
ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
(Շար. 1)