Քեսապը Թնդաց «Կիլիկիա» Երգչախումբի Համերգով

Սփիւռք

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Քեսապի Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, Շաբաթ՝ 6 Սեպտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8։00-ին տեղի ունեցաւ «Կիլիկիա» երգչախումբի համերգը «Սարդարապատ» սրահէն ներս, ղեկավարութեամբ Մայսթրա Գայիանէ Սիմոնեան- Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Եւա Պետրճիքեանի (Ա. բաժին) եւ Շողեր Օհանեան- Քահքէճեանի (Բ. բաժին):

Համերգին ներկայ էին՝ Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգեշնորհ Տէր Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան, նախկին հոգեւոր տեսուչ Հոգեշնորհ Տէր Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեան, Պատուելի Շանթ Ակիշեան, Կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Նուպար Քահանայ Մելքոնեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Կարո Մանճիկեան, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անդամ Արամ Արամեան, պատկան մարմինի եւ մութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տարբեր նահանգներէ ժամանած հայորդիներ եւ քեսապահայ հոծ բազմութիւն:

Համերգը սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով, ապա օրուան հանդիսավար Լարա Պետուրեան հրաւիրեց Ալիք Քորթմոսեանը ընթերցելու բացման խօսքը: Քորթմոսեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ երգի եւ երաժշտութեան կարեւորութեան, որպէս հայ մշակոյթի անքակտելի մասնիկներ: Ան ըսաւ. «Քեսապի Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղը, հաւատարիմ իր առաքելութեան, տեւաբար կանգնեցաւ քեսապահայութեան կողքին՝ հայ մշակոյթով լիցքաւորելու անոնց կեանքը»: Իր խօսքի աւարտին, ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ջանք եւ ճիգ չխնայեցին համերգը յաջողութեան հասցնելու:

Այնուհետեւ բարձր ծափողջոյններով «Կիլիկիա» երգչախումբի ղեկավար Մայսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեան բեմ հրաւիրուեցաւ, ուր երկու բաժինով փունջ մը հայրենասիրական ու ժողովրդական ընտիր երգեր ներկայացուեցան՝ խանդավառելով եւ ոգեւորելով հանդիսականները:

Ա. Բաժինը կ’ընդգրկէր հետեւեալ երգերը:«Եկեղեցին Հայկական», Սայաթ Նովայի շարան՝ «Ես մի Ղարիպ Պլպուլի Պէս», «Յիս Քու Ղիմէթը Չիմ Գիտի» եւ «Քամանչա», «Ամպի Տակից», ժողովրդական երգերու շարան(Ա.)՝ «Ով Սիրուն Սիրուն», «Պարտէզում Վարդ Է Բացուած», «Զեփիւռի Նման», Զիատ Ռահպանիի երաժշտութեամբ արաբական երգերու շարան, ժողովրդական երգերու շարան(Բ.)՝ «Սարերի Հովին Մեռնեմ», « Ես Քո Բարակ Պոյին Մեռնեմ», «Եարիմօ» եւ «Ղափամա»: Դաշնակահար՝ Եւա Պետրճիքեան:Բ. Բաժինը կ’ընդգրկէր հետեւեալ երգերը:Հայրենասիրական երգերու շարան (Ա.)՝ «Հիմի Էլ Լռենք», «Մենք Պէտք Է Կռուենք», «Ով Որ Քաջ է», «Սասնոյ Ահեղ Կռիւը», հայրենասիրական երգերու շարան (Բ.)՝ «Զարթիր Որդեակ», «Առաքել Մուշեղ», «Պիտի Գնանք Վաղ Թէ Ուշ», «Հսկայ Երկիր Էր» եւ «Մի Մոռանար Քո Ազգին», հայրենասիրական երգերու շարան (Գ.)՝ «Օտարութիւն», «Ով Կամաւոր Է Կռւում», «Պիտի Պաշտպանեմ», «Արժանի», «Եարխուշտա», «Կեանքս Հայրենիքիս», «Փառք Մեր Հայութեան», «Վերականգնիր Կիլիկիա», «Յաւերժ Թագ Կիլիկիոյ» եւ «Ես Քո Արցախն Եմ Դու Իմ Հայաստանը»: Դաշնակահար՝ Շողեր Օհանեան- Քահքէճեան:

Համերգի աւարտին իր սրտի խօսքը ուղղեց Քեսապի Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի ատենապետ Մանասէ Մանճիկեան: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց վարչութեան անդամներուն, «երգ ու պար» յանձնախումբին, յատկապէս երգչախումբի ղեկավարին, դաշնակահարներուն եւ երգչախումբի իւրաքանչիւր անհատին, որոնք այս դժուար պայմաններուն բոլոր խոչընդոտները արհամարհած, իրենց տոկուն կեցուածքով եւ երկամսեայ ժրաջան աշխատանքով բեմ բարձրացան եւ լաւագոյնը ներկայացուցին ժողովուրդին: Ապա բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ Արամ Արամեանը: Անոնք յատկանշական յուշանուէրով մը իրենց երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեցին երգչախումբի ղեկավարին, իսկ պատանիներ գեղեցիկ ծաղկեփունջեր մատուցեցին ղեկավարին եւ դաշնակահարներուն:Օրուան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Քեսապի հոգեւոր տեսուչը: Ան հրաշալի մթնոլորտ մը ստեղծեց սրահէն ներս, ուր ժողովուրդ եւ երգչախումբ միաշունչ երգեցին «Զարթի՛ր Որդեակ» երգը։ Այնուհետեւ հայր սուրբը «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց համերգի երեկոն:

«Գանձասար»

Թղթակից