A Suitcase To Home Ֆիլմին Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը՝ 24 Սեպտեմբերին, Փասատինայի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Հայ Որբերու օժանդակութեան ընկերակցութեան (SOAR) Կլենտէյլ եւ Լա Քրեսենթա քաղաքներու մասնաճիւղին՝ 24 Սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8-էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ Արցախի դէմ 2020-ին սկսած եւ Սեպտեմբեր 2023-ի Արցախի հայաթափումով աւարտած ցեղասպանական արշաւին նուիրուած A Suitcase To Home վաւերագրական ֆիլմին անդրանիկ ցուցադրութիւնը։ Այս մասին կը յաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։
Ֆիլմը պիտի ցուցադրուի Փասատինայի ՀԲԸՄ-ի «Մանուկեան» կեդրոնին մէջ, որուն հասցէն է՝ 2495 E Mountain St.։
Հայ Որբերու օժանդակութեան ընկերակցութիւնը օժանդակութիւններ կը տրամադրէ նաեւ Արցախէն տեղահանուածներուն եւ զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն։
Տոմսեր ապահովելու համար դիմել (818) 262-0506 թիւին։
