
Հայ Դատի Տարածաշրջանային Գրասենեակներուն Արձագանգը ԵԱՀԿ Մինսկի Գործընթացի Լուծարման Վերաբերեալ
Հայ Դատի Ուաշինկթընի, Պրիւքսէլի, Մոսկուայի եւ Ֆրանսայի գրասենեակները խստօրէն դատապարտելով Հայաստանի հանդէպ ուժի եւ սպառնալիքի կիրառման քաղաքականութեան պայմաններու մէջ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի լուծարման փաստը, միաժամանակ հանդէս կու գան արցախահայութեան հիմնարար իրաւունքներու պատշտպանութեան նպատակով միջազգային իրաւասու մարմնի ստեղծման օգտին։
Հայ Դատի գրասենեակները համոզում յայտնած են, որ նման քայլով միջազգային հանրութիւնը ըստ էութեան կ՝օրինականացնէ ուժի կիրառման միջոցով հակամարտութիւնները «լուծելու» եւ ցեղական զտումներու քաղաքականութիւնը։ Ըստ յանձնախումբերուն, Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ իրական խաղաղութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ ոչ թէ Հայաստանի կողմէ ազրպէյճանականան պահանջներու կատարման եւ անոնց միջազգայնօրէն ընդունման, այլ առաջնային հետեւեալ հանգամանքներուն վրայ
․ ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու անյապաղ ազատ արձակում
․ Հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւն
․ Հայաստանի անվտանգութիւնն ու ինքնիշխանութեան նկատմամբ ամբողջական յարգանք եւ յարձակողական զինուած ուժերու դուրսբերում ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն
․ Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերու վերադարձի իրաւունքի իրացում՝ համաձայն Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 2023թ․ Նոյեմբեր 17-ի որոշման․
Ներկայիս Հայ Դատի համաշխարհային ցանցը աշխատանքներ կ՝իրականացնէ Ղարաբաղեան հակամարտութեան միջազգայնացման ուղղութեամբ՝ վերջնական նպատակ ունենալով Ղարաբաղեան հակամարտութեան խորացած հետեւանքներու յաղթահարմամբ զբաղող միջազգային նոր հարթակի առաջացման նպաստելը, որուն նախադէպը կրնայ ըլլալ, օրինակ, «Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղութեան զուիցերիական նախաձեռնութիւնը»։
Մասնաւորապէս, Հայ Դատի յիշեալ յանձնախումբերը նկատած են․
Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակ
Մինսկի խումբի լուծարումը խաղաղութեան քայլ չէ, այլ ազրպէյճանի պարտադրած պայման՝ առաջ մղելու անհաւասար գործարք, որ ձեռք բերուած է ճնշմամբ եւ ուժի կիրառմամբ։ Այս վտանգաւոր նախադէպը պարգեւատրում է Արցախի մէջ պաքուի իրականացուցած ցեղասպանական ցեղական զտումներու, հայ ռազմագերիներու ապօրինի բանտարկութեան ու խոշտանգումներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու շարունակական գրաւման համար՝ խարխլելով միջազգային իրաւունքի ու դիւանագիտութեան սկզբունքները, որոնց մարմնաւորումը ժամանակին ԵԱՀԿ Մինսկի գործընթացն էր։
Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակ
Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը ԵԱՀԿ-ին եւ անոր անդամ պետութիւններուն կոչ կ՝ընէ հաւատարիմ մնալու իր հիմնական սկզբունքներուն՝ դիւանագիտութեան ու արդարութեան։ Մենք կը յիշեցնենք կառոյցին եւրոպական առանցքային մարմիններու՝ օրինակ՝ Եւրոպական խորհրդարանի, ինչպէս նաեւ Պելճիքայի եւ Զուիցերիոյ նման երկիրներու յանձնառութիւններուն մասին, որոնք ձեռնարկած են յստակ քայլեր՝ պահանջելու եւ պաշտպանելու Արցախի հայ բնակչութեան վերադարձի իրաւունքը՝ միջազգային անվտանգութեան երաշխիքներուն ներքոյ, հայ պատանդներու ազատումը եւ ազրպէյճանի բանակի դուրսբերումը Հայաստանի տարածքէն։ Այս հարցերը կը մնան չլուծուած՝ իրականութիւն, որ կը հասկնան բազմաթիւ եւրոպական ղեկավարներ։
Հայ Դատի Ֆրանսայի յանձնախումբ
Ֆրանսան, իբրեւ Մինսկի խումբի համանախագահ, կը կրէ առանձնայատուկ պատասխանատուութիւն։ Փարիզը այժմ պէտք է ձեռնարկէ յստակ քայլեր՝ պաշտպանելու այն միջազգային իրաւունքի սկզբունքները, որոնց երկար ժամանակ աջակցած է։ Մենք կոչ կ՝ընենք Ֆրանսային եւ ԵԱՀԿ-ին շարունակելու ներգրաւուածութիւնը՝ պաշտպանելու տեղահանուած հայերու իրաւունքները, ապահովելու գերիներու ազատ արձակումը եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնը։ «Թշնամանքի էջը փակելը», ինչպէս յայտարարուած է 2025թ․ Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի հռչակագրին մէջ, չի կրնար իրականացուիլ պարտադրուած լռութեամբ։ Ատոր համար անհրաժեշտ է ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն։
Հայ Դատի Մոսկուայի գրասենեակ
Առանց միջազգային միջնորդական ձեւաչափի եւ անվտանգութեան գործուն երաշխիքներու հնարաւոր չէ հասնիլ Արցախեան հակամարտութեան կայուն կարգաւորման։ Այդ ձեւաչափին անգործութիւնն էր, որ պատերազմէն ետք առիթ տուաւ ազրպէյճանին բնաջնջման սպառնալիքի տակ հայրենազրկելու Արցախի բնիկ ժողովուրդը։ Այդ ձևաչափին վերացումը պիտի խրախուսէ ազրպէյճանը շարունակելու իր ցեղասպանական քաղաքականութիւնը՝ զուգահեռաբար վերացնելով հայերուն հետքը հայկական Արցախէն։ Ըստ այդմ, կոչ կ՝ընենք վերականգնելու միջազգային միջնորդական ձեւաչափը՝ աւելի գործուն երաշխիքներով եւ գործիքակազմով ապահովելու համար Արցախէն բռնի հայրենազրկուած հայերուն վերադարձի իրաւունքը, պաքուի մէջ ապօրինի պահվող անձանց՝ գերիներու եւ ռազմաքաղաքական ղեկավարներու ազատութեան իրաւունքը, պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանութեան իրաւունքը եւ արցախահայերու ինքնորոշման իրաւունքը։
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
4 Սեպտեմբեր 2025 թ
Ամբողջական հոդվածը կարող եք կարդալ այս հասցեով՝ https://www.yerkir.am/hy/article/2025/09/04/298436