Եռաբլուրի Մէջ «Արցախի Կանչ» Յուշակոթողին Բացումը Կատարուեցաւ

Հայաստան

Արցախի Անկախութեան օրը` 2 Սեպտեմբերին, Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ, հոգեւորականներ եւ Արցախի ու Հայաստանի պաշտօնատարներ Եռաբլուրի զինուորական պանթէոնին մէջ օծեցին Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի, ներքին գործոց նախարար Կարէն Սարգսեանի եւ «Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արթուր Վանեցեանի նախաձեռնութեամբ կանգնած «Արցախի կանչ» յուշակոթողը: Անիկա նուիրուած է Արցախի պատերազմներուն զոհուած հերոսներուն, Արցախի մէջ հանգչող մեր հայրենակիցներուն, ինչպէս նաեւ 25 Սեպտեմբերին պաշտպանութեան բանակի վառելանիւթի պահեստանոցին մէջ պատահած պայթումի զոհերու յիշատակին: Նոյն ատեն յուշարձանը դարձաւ սրբավայր մը այն ընտանիքներուն համար, որոնք ստիպուած եղած են առյաւէտ հեռացած իրենց սիրելիները ձգել ու Արցախի մէջ, անոնք հոս կրնան աղօթել, սգալ եւ դարձեալ զգալ հոգեւոր կապը անոնց հետ:

Օծման արարողութեան ընթացքին յուշակոթողի հեղինակ քանդակագործ Ռոբերտ Ասկարեան ըսաւ, որ անիկա Արցախի հետ անխզելի կապը կը խորհրդանշէ: «Արցախեան արմատը չի չորանում եւ միշտ մնալու է հողի մէջ», ըսաւ ան: Ճարտարապետներ Վլադիմիր եւ Միքայէլ Սարգսեանները յուշարձանին տուած են այդ անմար պատգամը կրելու ձեւը:

Տարածքը, որուն վրայ մշակուած է նախագիծը, շուրջ 500 քառմ. է, բուն կոթողը 6 մեթր բարձրութիւն ունի:

«Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեան առանցքային դեր ունեցած է ծրագիրի իրականացման մէջ: Ան իր ընտանիքին հետ ֆինանսաւորած է շինարարութիւնը եւ օծման օրը ան կանգնեցաւ զոհուածներուն ծնողներուն կողքին: «Մարդիկ գերեզման չունեն: Սա կառուցուել է հոգու մխիթարութեան համար, ժամանակաւոր է` մինչեւ վերադառնանք Արցախ», նշեց Վանեցան։

«Դժուար է ելոյթ ունենալ մի վայրում, որտեղ յուղարկաւորուած են անձինք, որոնք իրենց կեանքն են զոհաբերել, հերոսացել են յանուն նրա, որ մենք ունենաք Հայաստանի Հանրապետութիւն, ունենանք Արցախի Հանրապետութիւն, որ մենք կարողանանք այս օրը նշել որպէս Արցախի Հանրապետութեան հռչակման օր», արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ Շահրամանեան՝ աւելցնելով. «Ցաւօք սրտի, մենք յայտնուել ենք դաժան իրականութեան մէջ: Իրականութիւնն այն է, որ Արցախը համարւում էր թոկ ՀՀ վզին, որից պէտք էր ազատուել, որ ստանանք հնարաւորութիւն պահպանել Հայաստանի անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը: Այստեղ հանգչող մարդիկ զոհուել են յանուն Արցախի, պայքարել են յանուն Արցախի, բայց, ցաւօք սրտի, այսօր իրենց հարազատներն ու հազարաւոր արցախցիներ համարւում են փախստական իրենց հայրենիքում»:

Շահրամանեան նշեց, որ յայտնուելով այս իրականութեան մէջ 2023ի Սեպտեմբերին, բռնի տեղահանումէն ետք, բազմաթիւ հանդիպումներ ունենալով իր հայրենակիցներուն հետ` եկած են այն եզրակացութեան, որ անհրաժեշտութիւն կայ Եռաբլուրի մէջ ունենալու այսպիսի յուշակոթող մը: «Մենք անպայման մտքում պէտք է պահենք հաւաքական մեր վերադարձի յոյսն ու հաւատը, եւ ես համոզուած եմ, որ մի օր դա իրականութիւն կը դառնայ», շեշտեց Շահրամանեան։

Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Շահրամանեան դիտել տուաւ, որ իրենք դէմ արտայայտուած են Մինսքի խումբի լուծարման, որովհետեւ անիկա միակ գործիաքակազմն է, որ կը զբաղի Արցախի հարցով: «Սակայն տեսանք, որ նոյնիսկ Մինսկի խմբի գոյութեան պայմաններում հնարաւոր եղաւ արցախցիներին բռնի տեղահանել իրենց հայրենիքից: Յոյս ունենք, որ կը ստեղծուեն այլ մեխանիզմներ (գործիքակազմեր), եւ մենք եւս կը կարողանանք օգտուել դրանցից», ըսաւ Շահրամանեան։