«Արցախ. Չկարգաւորուած Հակամարտութիւն, Վերադարձի Իրաւունք» Խորագիրով Միջազգային Խորհրդաժողով Երեւանի Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք


2 Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախաձեռնած «Արցախ. չկարգաւորուած հակամարտութիւն, վերադարձի իրաւունք» խորագիրով միջազգային խորհրդաժողով:

Այս նախաձեռնութեան մասնակցեցան Հայաստանէն, Արցախէն, ինչպէս նաեւ շարք մը երկիրներէ քաղաքական, գիտական եւ հասարակական շրջանակներու ներկայացուցիչներ:

Խորհրդաժողովը նուիրուած էր Արցախի հարցի չլուծուած մնալուն, արցախահայութեան հայրենիք վերադառնալու իրաւունքին, խաղաղութեան հաստատման հեռանկարներուն եւ գերիներու ու մարդասիրական հարցերու հրատապ լուծման անհրաժեշտութեան:

Մասնակիցները կարեւոր նկատեցին միջազգային հանրութեան պատասխանատուութիւնը եւ ընդգծեցին մշակութային ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը: Խորհրդաժողովին նպատակն էր ձեւաւորել միջազգային համախմբում` արդար եւ կայուն խաղաղութեան հաստատման համար:

Բոլոր խօսք առնողները շեշտեցին, որ Արցախի էջը չէ փակուած, վերադարձ պիտի ըլլայ: