ՀՄԸՄ Հալէպ Անունը Վերականգնեցաւ

Սփիւռք

Անցեալ շաբաթ Սուրիոյ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը որոշումով մը Սուրիոյ Եարմուք մարզական ակումբը վերակոչած էր ՀՄԸՄ Հալէպ` տարիներով փոխելէ ետք զայն:

«Գանձասար» վերջերս յայտարարած էր այս լուրը իր էջերուն մէջ: «Ուրախութեամբ կը յայտարարենք Սուրիոյ եւ համայն սփիւռքի հալէպահայ ՀՄԸՄ-ականներուն, որ ՀՄԸՄ-ի Հալէպ մասնաճիւղի պետական եւ պաշտօնական անունը որդեգրուեցաւ` «ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մարզական ակումբ» փոխան «Ալ Եարմուք»-ի, Սուրիոյ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի որոշումին վրայ, ինչ որ մասնաճիւղի տասնեակ տարիներու փափաքն էր: Վարձքը կատար այս աշխատանքը որդեգրողներուն եւ հետապնդողներուն», նշած էր «Գանձասար»: