«Յուշատետր Հայոց Պատմութեան» Գիրքը՝ Առցանց

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, առցանց վերրահրատարակուեցաւ «Յուշատետր Հայոց Պատմութեան» գիրքը։

Այս ամփոփ հատորը հանրագիտական-ցուցակագրական բնոյթի հրատարակութիւն մըն է, ուր կարելի է դիւրութեամբ գտնել մեր պատմութեան գլխաւոր փուլերուն դերակատար հանդիսացած դէմքերու անունները եւ անոնց գործունէութեան երեսները՝ վայրերու եւ թուականներու նշումով, ինչպէս նաեւ զինուորական, տնտեսական, ընկերային ու մշակութային որոշ երեւոյթներու տեղեկագրութեամբ։

Այդ բոլորին լաւապէս ծանօթանալու համար հարկ է վերադառնալ բուն հատորին՝ Histoire de l’Arménie par Hrant Pasdermadjian, որ ֆրանսերէն լոյս տեսած է 1949-ին, կամ անոր հայերէն թարգմանութեան, կամ որոնել այլ աղբիւրներ, որոնցմէ ոմանք ցուցակագրուած են այս գիրքի վերջաւորութեան։ Անկասկած այսօր կան մեր պատմութեան վերաբերեալ նոր տուեալներ, որոնք աւելցուած են նոթերու ձեւով կամ նշուած են վերջաւորութեան՝ ընդհանրապէս քաղուած «Հայոց պատմութիւն – 12» հայրենի դասագիրքի ցուցակէն։ Որոշ թուականներ կրնան քիչ մը տարբերիլ մէկ պատմաբանէն միւսը, սակայն այս ամփոփումին մէջ պահուած են առաւելաբար Պաստրմաճեանի նշած թուականները։

Հրանդ Պաստրմաճեան՝ զաւակը Արմէն Գարոյի, ծնած է 1904-ին Թիֆլիս, նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Ժընեւ, քաղաքային ճարտարագէտի վկայականը ստացած է Ցիւրիխի բազմարուեստից վարժարանէն, առեւտրական տնտեսութեան հետեւած է Նիւ Եորքի Գոլոմպիա համալսարանը, ապա Կրընոպլի համալսարանէն ստացած է իրաւագիտութեան վարդապետի աստիճանը։ Պատասխանատու պաշտօններ վարած է տնտեսական մեծ ընկերութիւններու մէջ, տնտեսական եւ ընկերային գիտութեանց դաախօս է եղած Ժընեւի համալսարանը։ Վաղաժամ մահացած է 1954-ին։ Հայոց պատմութեան, մշակոյթին ու Հայ դատի նկատմամբ մեծ եղած է իր սէրն ու ներդրումը։

Վ-Ա.Ա.

Այս հրատարակութեան աշխատանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին գլխաւորաբար

  • Յասմիկ Տէր Պետրոսեան (առաջին հրատարակութիւնը մեքենագրելով)
  • Սոնա Թիթիզեան-Կէտիկեան (ներկայ հատորը շարագրելով)
  • Ռազմիկ Պերթիզեան (իր գեղանկարները տրամադրելով)
  • Անուշաւան արքեպիսկոպոս Դանիէլեան (քարտէզներու օգտագործման արտօնութիւնը տալով)
  • Խաչատուր Ստեփանեան (Հայոց պատմութեան դասագրքի թուայնացած օրինակը տրամադրելով)
  • Անոյշ Ակներեան (գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարելով)
  • Վրէժ-Արմէն Արթինեան (խմբագրելով ներկայ հատորը)

Բոլորին՝ մեր շնորհակալութիւնները։

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբ

Գիրքը կարդալ այս յղումով


ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ

Գլխաւոր աղբիւրը՝
Հրանդ Պաստրմաճեանի «Հայոց պատմութիւն»-ը
(ֆրանսերէնէ թարգմանութիւնը Մ. Իշխանի)
«Համազգային», Պէյրութ, Ա. Հատոր 1954, Բ. հատոր 1958
(Սկիզբէն մինչեւ 1923՝ Լոզանի դաշնագիրը)

(Գրքին ամփոփումը կատարած է Վրէժ-Արմէն Արթինեան)

Առաջին հրատարակութիւն՝
Հ.Ե.Դ. «Լեւոն Շանթ» խումբի
(Մոնթրէալ, 1967)

Վերահրատարակութիւն՝
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբի
Մոնթրէալ
2025