
պաքուն Կ՝ոչնչացնէ Արցախի Մշակութային Ժառանգութիւնը, Պէտք է Կանխել․ Դիմում՝ Գերմանիային
Գերմանիոյ մէջ միջազգային իրաւունքի շարք մը փորձագէտներ եւ ցեղասպանութեան ու մարդու իրաւունքներու հարցերով զբաղող կազմակերպութիւններ եւ հիմնադրամներ դիմած են Գերմանիոյ կառավարութեան ազրպէյճանի կողմէ հայ բնակչութեան հանդէպ բռնութիւնները դադրեցնելու խնդրանքով։
Մասնաւորապէս՝ 2025 Օգոստոս 21-ին «Ցեղասպանութեան դէմ ճանաչման» ոչ առեւտրային աշխատանքային խումբի նախագահ Դոկտոր Թեսսա Հոֆմանը, «Քրիստոնէական համերաշխութեան միջազգային կազմակերպութեան» նախագահ Դոկտոր Ճոն Այպնըրը, Գերմանիոյ «Սպառնալիքի տակ գտնուող ժողովուրդներու ընկերութեան» գործադիր տնօրէն Սառա Ռեյնգէն, «Գերմանահայոց կեդրոնական խորհուրդ»-ի նախագահ Ճոնաթան Շփանկընպըրկը, «Մարդու իրաւունքներու միջազգային ընկերութեան» (IGFM) հասարակայնութեան հետ կապերու ղեկավար Վալերիօ Գիւկերը եւ «Ստեփանոսի անուան հալածուած քրիստոնեաներու հիմնադրամ»-ը դիմած են Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտոր Եոհան Վատեֆուլին՝ Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին մէջ առանցքային հարցերու կարգաւորման առաջարկով https://www.facebook.com/100063798152015/posts/1419889826814276/?rdid=bk8w1A2taUbhZNvs#։
Կոչի հեղինակները կը պնդեն, որ ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի կրօնական, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան ոչնչացումը անյապաղ պէտք է դադրեցուի։
Նամակի համահեղինակները կը նշեն, որ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած հայերու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն ու անվտանգութեան ապահովումը պէտք է ըլլայ խաղաղութեան գործընթացի կարեւոր մաս։
Անոնք կը դիմեն Գերմանիոյ Կառավարութեան, որպէսզի վերջինս, համագործակցելով Եւրոմիութեան եւ անոր անդամ պետութիւններուն հետ, աշխոյժ եւ սկզբունքային դեր խաղայ խաղաղութեան հաստատման գործընթացին մէջ՝ ստանձնելով պատասխանատուութիւն։
Գերմանիոյ մարդու իրաւունքներու մասնագէտները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յուշարձաններու ոչնչացումը, հայ բնակչութեան հետ տեղի ունեցած բռնութիւնները, բռնի տեղահանութիւնը ցեղասպանութիւն որակած են։
Անոնք մատնանշած են միջազգային իրաւունքի փորձագէտներու այն պնդումը, որ հայ ժողովուրդի՝ երկրէն հեռանալու որոշումը՝ կապուած եղած է ազրպէյճանական յարձակման հետ եւ ինը ամսուայ զրկանքներուն ու որ այդ գործողութիւնները, համաձայն միջազգային փորձագէտներու պնդումներուն, կը համապատասխանեն ցեղասպանութեան սահմանման՝ համաձայն «Ցեղասպանութեան մասին համաձայնագրի» 2(բ) յօդուածին:
Աղբիւրը՝ Monument Watch