Ուաշինկթըն Հաստատեց Հայ Գերիներու Գոյութիւնը Եւ Արցախի Ցեղային Զտումը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ուաշինկթըն հրապարակեց ազրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու մասին 2024-ի զեկոյցը, որուն լոյսին տակ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը դարձեալ կոչ ըրաւ Սպիտակ տան՝ անյապաղ քայլերու դիմելու՝ ազրպէյճանի կողմէ մարդկային իրաւունքներու խախտումները դադրեցնելու համար, ինչպէս նաեւ պատժամիջոցներ որդեգրելու պաքուի դէմ եւ ապահովելու հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը։

Ամերիկեան զեկոյցին մէջ կը խօսուի «կամայական կամ անօրէն սպանութիւններու, խոշտանգումներու եւ բանտարկութիւններու, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու քաղաքացիներու հետապնդումներու մասին» եւ կը շեշտուի, թէ պաքու լուրջ քայլեր չէ առած՝ պատասխանատուութեան ենթարկելու մարդկային իրաւունքները խախտած պաշտօնատարները։

Զեկոյցին մէջ կը նշուի ՄԱԿ-ի 5 Յունիս 2024-ի զեկոյցը, որուն մէջ կը յիշատակուին ազրպէյճանցի զինուորներու կողմէ հայ ռազմագերիներու դէմ միջազգային եւ մարդկային իրաւունքներու լուրջ խախտումները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի 27 Սեպտեմբերի 2024-ի այն զեկոյցը, որուն մէջ մտահոգութիւն յայտնուած էր 2020-ին, Զանգելանի մէջ գերի ինկած 23 հայ զինուորներու եւ  քաղաքացիի մը անհետացման առնչութեամբ։

Զեկոյցը կը վկայէ նաեւ Freedom House-ի 11 Նոյեմբերի 2024-ի ուսումնասիրութիւնը, ըստ որուն, ազրպէյճան 2020-2023 իրականացուցած է համակարգուած ռազմավարութիւն՝ Արցախը բոլորովին հայաթափելու։

133 էջերէ բաղկացած այս զեկոյցը կ՛եզրակացնէ, որ ազրպէյճան Արցախը ենթարկած է ցեղային զտումի՝ տեղահանումը գործածելով իբրեւ միջոց: Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ ըստ կարգ մը հրապարակումներու, 24 Հոկտեմբեր 2024-ի դրութեամբ՝ Արցախին մէջ մնացած են ընդամէնը 15 հայ բնակիչներ, իսկ Caucasus Heritage Watch-ը արձանագրած է, թէ Շուշիի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին եւ Ղազանչեցոց գերեզմանատունը ոչնչացուած են:

Յատկանշական է, որ զեկոյցին հրապարակումը կատարուեցաւ Ամերիկա-ազրպէյճան-Հայաստան հռչակագիրին ստորագրութենէն միայն քանի մը օր ետք։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան յայտնեց, թէ այս  զեկոյցը ոչ մէկ կասկած կը ձգէ, որ ազրպէյճան կը շարունակէ պահել եւ խոշտանգել հայ գերիները, ոչնչացնել հայկական ժառանգութիւնը եւ համակարգուած կերպով վերացնել Արցախի հայկական հետքերը: Ան կոչ ուղղեց վարչակազմին՝ արգիլելու պաքուի զէնքի վաճառքները եւ պատժամիջոցներ կիրարկելու այդ ոճրագործութիւնները կազմակերպողներուն դէմ: