Մանէ Թանտիլեան Կը Հրաժարի Աշխատանքի Նախարարի Իր Պաշտօնէն

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան աշխատանքի եւ ընկերային ապահովութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մանէ Թանդիլեան Նոյեմբեր 14 -ին յայտարարեց, որ վար կը դնէ նախարարի իր լիազօրութիւնները:

Թանտիլեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն, որովհետեւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան ցանկով Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի եւ իրեն համար այս ընտրութիւնները մեծ կարեւորութիւն ունին:

“Ընտրութիւններուն միջոցով վերջնականապէս պիտի ձեւաւորուի ժողովուրդի իրական ձայնը արտացոլող խորհրդարան»,- յայտարարեց Թանտիլեան: