Իրական Խաղաղութեան Հասնիլ Հնարաւոր Չէ Առանց Արցախցիներու Իրաւունքներու եւ Անվտանգութեան Ապահովման. Յայտարարութիւն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

«Եւրոպացիներ` յանուն Արցախի» միջազգային կազմակերպութեան յայտարարութիւնը.

«Որպէս «Եւրոպացիներ` յանուն Արցախի» կազմակերպութիւն, մենք կը վերահաստատենք մեր յանձնառութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ արժանապատիւ եւ կայուն խաղաղութեան հասնելուն։ Բայց, այնուամենայնիւ, խորապէս մտահոգուած ենք, որ Ուաշինկթընի մէջ կայացած վերջին հանդիպման ժամանակ հրապարակուած խաղաղութեան հռչակագիրը կ՝ընդգրկէ էական բացթողումներ, որոնք պիտի խաթարեն երկարատեւ կարգաւորման հեռանկարները։

Իրական խաղաղութեան հասնիլ հնարաւոր չէ առանց Լեռնային Ղարաբաղի/Արցախի բռնի տեղահանուած հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման։ Մենք կոչ կ՝ընենք Եւրոպական Միութեան եւ անոր անդամ պետութիւններուն աշխոյժ եւ սկզբունքային դեր ստանձնելու՝ ապահովելու համար, որ ցանկացած խաղաղութեան գործընթաց ներառնէ հետեւեալ կարեւոր դրոյթները.

• պաքուի մէջ անօրինական պահուող բոլոր հայ պատանդներու եւ բանտարկեալներու անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակում։

• Արցախի հայերու հաւաքական անվտանգ վերադարձի ապահովում միջազգային երաշխիքներու ներքոյ։

• Հայկական հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւն Արցախի մէջ՝ միջազգային վերահսկողութեան միջոցով, ներառեալ արբանեակային մեքենականութիւնները, որպէսզի կանխուի անոնց ոչնչացումը։

Մենք նաեւ խոր մտահոգութիւն կը յայտնենք ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի արդիւնաւէտ ձեւաչափի լուծարման վերաբերեալ, որ տասնամեակներ շարունակ ապահոված է հակամարտութեան կարգաւորման միջազգայնօրէն ճանչցուած գործառոյթ։

Անոր բացը վտանգաւոր հետեւանք պիտի ունենայ, որ պէտք է լրացուի ուժեղ եւ երաշխաւորուած միջազգային մեքենականութիւններով։

Այս ծիրէն ներս մենք վճռականօրէն կ՝աջակցինք Շուիցերիոյ ԼՂ խաղաղութեան նախաձեռնութեան եւ կոչ կ՝ընենք Եւրոպական Միութեան ու անոր անդամ պետութիւններուն աջակցելու այս ջանքերուն՝ որպէս տարածաշրջանի մէջ իրական անվտանգութեան եւ երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու ճանապարհ:

Աւելին, Եւրոպան պէտք է միանշանակօրէն յստակեցնէ, որ Հայաստանի դէմ ցանկացած նոր յարձակման ակտ պիտի յանգեցնէ լուրջ եւ շօշափելի հետեւանքներու:

Իրական խաղաղութիւն կրնայ համարուիլ միայն այն, որ կ՝երաշխաւորէ բոլորի հիմնարար իրաւունքները եւ անվտանգութիւնը»։

Ամբողջական հոդվածը կարող եք կարդալ այս հասցեով՝ https://www.yerkir.am/hy/article/2025/08/13/297436