Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 12-րդ Մարզախաղերու Մասնակիցները Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ եւ Եռաբլուր

Հայաստան, Սփիւռք

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղերու մասնակիցները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ եւ Եռաբլուր

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերու վեցերորդ օրը, մարզախաղերու մասնակիցները, Կեդրոնական Վարչութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչական անդամներու առաջնորդութեամբ, այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն եւ Ս. Էջմիածին։

ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԻ ՄԷՋ

Ծիծեռնակաբերդ հասնելով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի «մարզական բանակ»ին անունով Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակին ծաղկեպսակ զետեղեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան ատենապետ եղբ. Արթիւր Մկրտչեան։

Ապա, մարզիկ-մարզիկուհիները բոլորուեցան յուշահամալիրի անմար կրակին շուրջ, մէկական ծաղիկներ խոնարհեցին եւ «Տէրունական» աղօթքով հոգիներու խաղաղութիւն խնդրեցին թրքական եաթաղանին զոհ գացած մեր անմեղ զոհերու հոգիներուն համար։

ԵՌԱԲԼՈՒՐԻ ՄԷՋ

Ծիծեռնակաբերդէն ետք, մարզախաղերու մասնակիցները ուղղուեցան Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն, որուն մուտքին դիմաւորուեցան Դադիվանքի նախկին վանահայր, պանթէոնի Սրբոց Վարդանանց մատրան սպասարկող Յովհաննէս Քհնյ. Յովհաննէսեանի կողմէ։

Կարճ աղօթքէ եւ խմբանկարէ մը ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութիւններու անդամները, մարզախաղերու մասնակից պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներու ընկերակցութեամբ, այցելեցին Արցախեան պատերազմներու նահատակ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու շիրիմները եւ ծաղիկներու զետեղումով յարգանքի տուրք ընծայեցին անոնց յիշատակին։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի անունով նաեւ յիշատակի ծաղկեպսակ մը զետեղուեցաւ Եռաբլուրի յուշապատին առջեւ։