
Այսօր Կեղծ Գաղափարներով Կը Փճացնեն Մեր Արժէհամակարգը․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս
Յուլիս 27-ին՝ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի տեղի ունեցաւ Մայր Տաճարի տարածքին կառուցուած Կաթողիկոսական դամբարանի եւ մոմավառութեան աղօթասրահի բացման արարողութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մամլոյ ծառայութիւնը:
Բացման արարողութեան առիթով Ամենայն Հայոց Հայրապետը իր հայրական պատգամը փոխանցեց ներկաներուն՝ գոհութիւն մատուցելով առ Բարձրեալն Աստուած, որ հայոց հոգեւոր կեդրոնին՝ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, մեր ժողովուրդի հոգեւոր մխիթարութեան, հաւատքի զօրացման նուիրական նոր սրբատեղի մը յառնեց։
Իր ելոյթին ընթացքին, դիմելով ներկաներուն՝ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ մեր օրերուն, երբ տարբեր կեղծ գաղափարախօսութիւններով կը խաթարուի մեր արժէհամակարգը, կ՝եղծուին ու կը նենգափոխուին հոգեւոր ընկալումները, այսպիսի եկեղեցական շինութիւնները, սրբավայրերն ու ուխտատեղիները իրենց կրօնական եւ ծիսական կարեւոր նշանակութեամբ հաւատքի զօրացման, հոգիի փրկութեան եւ աստուածահաճոյ կեանքի ամրապնդման օրհնաբեր օճախներ են։
«Այս կառոյցը, արդարեւ, սոսկ քարեղէն շինուածք չէ, այն աղօթքի տուն է, հաւատացեալների ապաւինութեան վայր՝ Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարդուղիմէոս Առաքեալների մատուռներով, որտեղ պաշտամունքային արարողութիւններ են մատուցուելու, եւ հաւատացեալներն իրենց սրտառուչ հայցն ու աղօթքն են վերառաքելու Տիրոջը։ Այսպիսի օրհնեալ վայրում հաւատացեալի հետ հանդիպում են ժամանակն ու յաւերժութիւնը, երկնաւորն ու երկրաւորը, քանզի հոգուց բխած աղօթքները երկինք են հասնում եւ աստուածային օրհնութիւնն են յեղում Փրկչին յուսացողների սրտերին»,- նշեց Հայոց Հովուապետը։
Աւարտին՝ Հայոց Հայրապետը մաղթեց, որ տէրունաշնորհ հաւատքի լոյսը մշտավառ ըլլայ հայ ժողովուրդի հոգիին մէջ, եւ այս սրահէն եւս հանապազ հնչէ հայցը առ Աստուած հայրենեաց խաղաղութեան, ազգի բարօրութեան, Սուրբ Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։