
Արցախի Մշակութային Ժառանգութեան Կորուստները Փաստագրելով Նաեւ ազրպէյճանի Պահանջատիրութեան Դէմ Կը Պայքարինք, Ասիկա Կարեւոր է․ Սերգէյ Շահվերդեան
Երեւանի մէջ կայացաւ «Արցախի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան զարգացման գործակալութիւն» ՀԿ-ի նախաձեռնած՝ «Փաստագրում՝ յանուն պահպանութեան» ծրագրի ծիրէն ներս Շուշի քաղաքի չորս կորուսեալ թանգարաններու թուային քաթալոկներու ստեղծման աշխատանքներուն աւարտական շնորհանդէսը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը։
Կորուսեալ թանգարաններու թուային քաթալոկները ստեղծուած են Հայաստանի մէջ Նիտըրլէնտներու թագաւորութեան դեսպանութեան աջակցութեամբ «Այ Էս Էս Դի» ՀԿ-ի կողմէ իրականացուող «Տեղական կազմակերպութիւններու կարողութիւններու զարգացում գործնական գիտելիքներու փոխանակման միջոցով՝ աջակցելով Լեռնային Ղարաբաղի տեղահանուած ՀԿ-ներուն» ծրագրին ծիրէն ներս՝ 2022 թուականին Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան պետական խորհուրդին կողմէ հաւաքագրուած նիւթերուն հիման վրայ:
Ամբողջական տեսագրութիւնը՝