Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀԲԸՄ Տարբեր Ծրագրերու Մասնակից Սփիւռքահայ Երիտասարդները

Հայաստան, Սփիւռք

Յունիս 25-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) Երեւանի «Գլոբալ առաջնորդութեան» եւ «Բացայայտիր Հայաստանը» ծրագրերուն մասնակից սփիւռքահայ երիտասարդները՝ ուղեկցութեամբ ՀԲԸՄ Հայաստանի նախագահ, ՀԲԸՄ Կեդրոնական վարչութեան անդամ տիար Վազգէն Եակուբեանի։ 64 սփիւռքահայ երիտասարդներ Հայաստան ժամանած են ՀԲԸՄ ծրագրերու ծիրէն ներս հաղորդակից ըլլալու հայրենիքի պատմամշակութային ու հոգեւոր ժառանգութեան եւ զօրացնելու իրենց կապը հայրենիքի հետ։

Հանդիպման ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, իր օրհնութիւնը բերելով հայորդիներուն, բարձրօրէն գնահատեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կողմէ իրականացուող հայրենաճանաչութեան, կրթադաստիարակչական, մշակութային նմանօրինակ ծրագրերը, որոնց շնորհիւ տարբեր երկիրներու մէջ հասակ առած երիտասարդները հնարաւորութիւն կ՝ունենան համախմբուելու հայրենիքի մէջ, հարստացնելու իրենց գիտելիքները եւ հաղորդ դառնալու հայրենի իրականութեան։

Նորին Սրբութիւնը պատգամեց ներկաները ըլլալ ազգային ինքնութեան կրողը, ամուր պահել սէրը հայրենիքի նկատմամբ եւ օգտակարութիւն բերել իրենց համայնքներու առաւել զօրացմանն ու հայրենիքի բարօրութեան։

Հայոց Հայրապետը յորդորեց հայորդիները, վերադառնալով իրենց համայնքներ, առաւել աշխոյժ ներգրաւուածութիւն ունենալ ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ։