Վարչախումբը Որդեգրած է Բացայայտ Ահաբեկչական Գործելաոճ` Իր Դաւաճանական Էութիւնը Թաքցնելու Համար. «ՀայաՔվե»

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՀ-ի մէջ աննախադէպ չափերու հասած են հետապնդումները, ձերբակալութիւնները եւ բռնաճնշումները քաղաքական գործիչներու, գործարարներու, հոգեւորականներու եւ առհասարակ այն բոլոր անձերուն նկատմամբ, որոնք կը բարձրաձայնեն երկրին մէջ տիրող անօրինութիւններու եւ ձախողումներու մասին։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է «Հայաքվե» ազգային քաղաքացիական միաւորումը։

«Իշխող վարչախումբը, փորձելով կանխել իր իսկ վարած քաղաքականութեան հետեւանքով օր օրի աճող հանրային դժգոհութիւնը, շարունակաբար կը կիրառէ կեղծ եւ մտացածին մեղադրանքներ՝ քաղաքացիները ապօրինաբար ազատազրկելու եւ լռեցնելու նպատակով։

Վարչախումբը որդեգրած է բացայայտ ահաբեկչական գործելաոճ` իր դաւաճանական էութիւնը թաքցնելու համար։ Ձախողելով անվտանգութեան, արտաքին քաղաքականութեան, տնտեսական եւ սոցիալական ոլորտներու մէջ` վարչախումբը դիմած է սադրանքներու։ Անիկա սկսած է բռնատիրական համակարգ կառուցել` ունենալով թուրքիոյ բացայայտ հովանաւորութիւնն ու աջակցութիւնը։

․ «ՀայաՔվե» ազգային քաղաքացիական միաւորումը կը դատապարտէ ՀՀ-ի մէջ բռնատիրական համակարգ հաստատելու այս վտանգաւոր փորձերը, կը պահանջէ անյապաղ ազատ արձակել ապօրինի ձերբակալուած բոլոր անձերը, դադրեցնել քաղաքական հետապնդումները, իսկ իրաւապահ համակարգին կոչ կ՝ընէ գործել միայն օրէնքի եւ օրինականութեան սահմաններու մէջ, գործիք չդառնալ վարչախումբի ձեռքին մէջ եւ չկատարել ապօրինի հրամանները։

Ամբողջական հոդվածը կարող եք կարդալ այս հասցեով՝ https://yerkir.am/hy/article/2025/06/25/294996