Մայր Աթոռը Օրինական Բոլոր Միջոցներով Հետամուտ Պիտի Ըլլայ Գործի Արդարացի Ընթացքին. Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ

Հայաստան, Սփիւռք

Մայր Աթոռէն կը յայտնեն, որ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր կ՝ըսուի.

«Յունիս 25-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողով։ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խոր մտահոգութիւն կ՝արտայայտէ Տ․ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի եւ իր համախոհներու նկատմամբ այսօր իրաւապահ մարմիններուն ձեռնարկած գործողութիւններուն եւ անոնց մեղսագրուող ծանր մեղադրանքներուն առնչութեամբ։ Իրաւական գործընթացի նկատմամբ վստահութիւն չի ներշնչեր այն հանգամանքը, որ սկիզբէն եւ եթ ՀՀ վարչապետը եւ իշխող կուսակցութեան տարբեր ներկայացուցիչներ ակնյայտ քաղաքական նկատառումներով տարաբնոյթ հրապարակումներու միջոցով կը փորձեն ուղղորդել իրաւապահ մարմինները։

Դատապարտելի է նաեւ յիշեալ գործընթացը Եկեղեցիի հետ արհեստականօրէն կապակցելու եւ Մայր Աթոռի անունը շահարկելու դիտաւորութիւնը, որ ամբողջապէս կը տեղաւորուի իշխանութիւններու նախաձեռնած հակաեկեղեցական արշաւի ծիրին մէջ։

Մայր Աթոռը օրինական բոլոր միջոցներով հետամուտ պիտի ըլլայ գործի արդարացի ընթացքին եւ կը յորդորէ պատկան մարմինները չտրուիլ քաղաքական շահարկումներուն, առաջնորդուիլ ՀՀ Սահմանադրութեան եւ օրէնքներու պահանջներով՝ յարգելով անմեղութեան կանխավարկածի սկզբունքը»։