Անթիլիասի Մայրավանքի Վարժարանին Դռները Բաց Են Արցախցի Փոքրիկներու Համար

Հայաստան, Սփիւռք

Այսօր ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան գրասենեակ այցելած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան Գէորգ վրդ. Արզումանեան։ Ան հանդիպում ունեցած է ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Մարօ Քէշիշեանի եւ ՀՕՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի ատենապետուհի Մելանիա Բալայեանի հետ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՕՄ֊ի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է Անթիլիասի մայրավանքի «Ժառանգաւորաց վարժարան»-ի սաներու անհրաժեշտ կարիքները հոգալու հարցը:

Հայր Սուրբը մանրամասնութիւններ փոխանցած է «Ժառանգաւորաց վարժարան»-ի կրթական բարձր մակարդակի, կեցութեան դժուարութիւններու, ինչպէս նաեւ այն արտօնութեան մասին, որ ժառանգաւորները իրենց ամառնային արձակուրդը կրնան անցնել իրենց ծնողներուն հետ։

Այս դրական պատկերի հիման վրայ Հայր Սուրբը ատենապետուհիներէն խնդրած է հնարաւորինս իրազեկել Հայաստանի եւ արցախցի ընտանիքները, Անթիլիասի մայրավանքի այսչափ բարձր մակարդակին մասին, եւ եթէ ըլլան փոքրիկներ որոնք կը փափաքին ուսանիլ այնտեղ` անչափ հաճելի պիտի ըլլայ անոնց ընդունիլը։

Երկու ատենապետուհիներն ալ խոստացած են մեծ սիրով փորձել օգտակարութեան հետապնդմամբ աշխատանքներ իրականացնել հետեւեալ ուղութեամբ։