Խստօրէն Կը Դատապարտենք ՀՀ Վարչապետի Կոչերը՝ Դիտարկելով Ուղիղ Յարձակում Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վրայ․ Զուիցերիոյ Թեմ

Հայաստան, Սփիւռք

Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ թեմը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Մայր Աթոռին եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։

«Յանուն Զուիցերիոյ հայոց թեﬕն եւ անոր համայն հաւատացեալ անդաﬓերուն եւ բոլոր Միութիւներուն եւ հիﬓարկներուն կու գանք Հայրենի իշխանութիւներուն ուշադրութեան յանձնելու թէ՝ Աﬔնայն Հայոց Կաթողիկոսը՝ որպէս ազգային ﬕասնութեան խորհրդանիշ, ի հարկին իրաւունք ունի արձագանգելու համազգային նշանակութեան որեւէ իրադարձութիւններու եւ մասնակից ըլլալու հայ ժողովուրդի եւ պետականութեան առաջ ծանրացած լուրջ մարտահրաւերներու յաղթահարման գործընթացներուն։

Իսկ Կաթողիկոսի ընտրութիւնը տեղի կ’ունենայ ազգային յատուկ եկեղեցական ժողովի ժամանակ, մասնակցութեամբ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ գործող բոլոր թեﬔրու աշխարհական եւ եկեղեցական պատուիրակներու։

Այսինքն՝ Աﬔնայն Հայոց Հայրապետի ընտրութիւնը չի կատարուիր ﬕայն Հայաստանի քաղաքացիներու կամ տեղական իշխանութեան ﬕջամտութեամբ, որով ընտրական գործընթացին կը մասնակցին Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր հայոց թեﬔրու ներկայացուցիչները՝ հոգեւորականներ, ու աշխարհականներ, որ կը նշանակէ հայոց սփիւռքը ունի բացառիկ դեր ու մասնակցութիւն։

Այս հանգամանքով ալ Վեհափառ Հայրապետը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող հայ ժողովուրդի Հայրապետն ու հոգեւոր պետն է։ Հետեւաբար, ՀՀ վարչապետի ﬕանձնեայ կամ քաղաքական շահերէն բխող պահանջը ՝ Կաթող իկոսի հրաժարականին մասին, որեւէ իրաւական հիմք չունի, իսկ բարոյական տեսակէտէն ալ՝ անընդունելի է եւ ﬔրժելի հայութեան հաւատքի եւ հոգեւոր արժանապատուութեան հասկացութեամբ։

Գալով վարչապետի՝ Վեհարանը ազատելու մասին կոչին, սա եւս անօրինական է եւ յարձակում համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնին վրայ։ Վեհարանը եւ Սուրբ Էջﬕածինը, ոչ ﬕայն վարչական կառոյցներ են ու Սրբավայրեր, այլեւ ﬔր ժողովուրդին խիղճը, ուր կը պահուին ﬔր ազգային եւ եկեղեցական սրբազան ու նուիրական ժառանգութիւնները։

Մենք՝ որպէս Զուիցերիոյ թեմի հաւատաւոր անդաﬓեր եւ ժողովուրդի ներկայացուցիչներ, խստօրէն կը դատապարտենք վարչապետի այս կոչերը եւ զանոնք կը դիտարկենք որպէս ﬕջամտութիւն եկեղեցական գործերու եւ ուղիղ յարձակում ﬔր հոգեւոր կեդրոն՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջﬕածնի վրայ:

Մենք կը զգուշացնենք, որ նման քայլերը կրնան անդառնալի հետեւանքներ ունենալ հասարակական հաﬔրաշխութեան եւ ﬔր ազգային ﬕասնութեան վրայ։

ՀՀ իշխանութիւններուն կողմէ այս հակաեկեղեցական ու ապազգային գործընթացները չդադրեցնելու պարագային՝ ﬔնք ալ Սփիւռքի մէջ պիտի ձեռնարկենք համապատասխան գործողութիւններ:

Աստուած պահապան եւ զօրավիգ ըլլայ ﬔր Աստուածակառոյց Սուրբ Եկեղեցիին, ﬔր ժողովուրդին եւ Հայոց Պետականութեան»։

Տ. Գուսան Ծ. Վարդապետ Ալճանեան

Զուիցերիոյ թեմ Առաջնորդական Տեղապահ

Զուիցերիոյ Հայոց Թեմ գործադիր խորհուրդ

Զուիցերիոյ մէջ գործող Ազգային Միութիւներ եւ հիﬓարկներ

Ամբողջական հոդվածը կարող եք կարդալ այս հասցեով՝ https://yerkir.am/hy/article/2025/06/13/294251