Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ 20-ամեակի Հանդիսութիւն Շարժայի Մէջ

Սփիւռք

Ուրբաթ, 9 նոյեմբեր 2018-ի, երեկոյեան ժամը 7-ին, նախագահութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի, եւ կազմակերպութեամբ Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան, Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ համալիրի քսանամեակի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Փիէռ Քօսէեան սրահէն ներս։

Հանդէսը սկիզբ առաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգերով, որմէ ետք Ազգային Վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսք յայտնեց տիկին Թամար Գաւլաքեան։ Խօսք առաւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Մուշեղ Պետիրեան, որ անդրադարձաւ համալիրի քսանամեակի դերակատարութեան գաղութի կեանքէն ներս։ Խօսք առաւ նաեւ Ազգային Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ պրն. Հրայր Սողոմոնեան, անդրադառնալով շինարարական աշխատանքներու ընթացքին եւ այդ ժամանակահատուածին կարեւոր աշխատանքի ձեռնարկման սեփական եկեղեցի ու համալիր ունենալու գործին։ Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Տուպայի եւ հիւսիսային էմիրութեանց գլխաւոր հիւպատոս պրն. Սէյրան Կարապետեան։

Ներկաներուն ցուցադրուեցաւ եկեղեցւոյ 20-ամեակին առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։

Փակման խօսքը կատարեց թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան՝ ողջունելէ ետք ներկաները՝ մատնանշեց քսան տարիներու մեծ արժէք ներկայացնող եկեղեցւոյ եւ համալիրի գործունէութեան, յատկապէս հաւատքի ամրապնդման, հայապահպանութեան ու հայեցի դաստիարակութեան, հայ մշակոյթի պահպանման ու տարածման աշխատանքներուն։

Սրբազան հայրը խօսքին մէջ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ 20 տարիներու պատմութիւն ներկայացնող եկեղեցւոյ ու համալիրին ցուցաբերած մեծ նպաստին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց ու յատկապէս Տուպայի եւ հիւսիսային Էմիրութեանց սահմաններէն ներս ապրող հայ համայնքին՝ մատնանշելով որ այս եկեղեցին եւ համալիրը մեր բոլորին տունն է եւ այդ հասկացողութեամբ եւ խնամքով պէտք է մօտենալ այս տան, որովհետեւ այս համալիրն ու եկեղեցին կայ ու կը գործէ մեր ժողովուրդի բոլոր կարիքներն ու պէտքերը գոհացնելու համար։

Խօսքի աւարտին Սրբազան հայրը յանուն համայնքին, իր խորին երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց երկրի իշխանութեան, գահաժառանգին ու Շարժայի կառավարիչին։ Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց անցնող 20 տարիներու ընթացքին եկեղեցւոյ ու համալիրի կեանքէն ներս գործող բոլոր Ազգայիններուն ու մշակներուն, որոնք տարբեր-տարբեր մարզերէ ներս իրենց ծառայութիւնը մատուցած են այս համալիրին եւ եկեղեցւոյ։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նախկին թէ ներկայ ազգային իշխանութեան անդամներուն, որոնք մեծ աշխատանք տարած են թեմի կազմակերպչական աշխատանքին։ Շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր բարերարներուն, որոնք իրենց նիւթական աջակցութիւնը կը ցուցաբերեն եկեղեցւոյ ու համալիրի առաքելութեան յաջողութեան։ Եւ վերջապէս իր գնահատանքը յայտնեց անցնող քսան տարիներու ընթացքին գաղութին հոգեւոր կարիքները հոգացող քահանայ հօր։ Սրբազան հայրը խօսքը աւարտեց ըսելով. «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին ու համալիրը նոյն թափով ու ոգիով պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը ի պահպանութիւն մեր հաւատքին, մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին»։

Նշենք որ հանդիսութեան ընթացքին  Ազգային Օհաննէսեան Միօրեայ վարժարանի ուսանողներուն եւ շրջանաւարտներուն կողմէտեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Վանա Սէկեան՝ դաշնամուր, Լոռի Կերճիկեան՝ ջութակ, Ալվինա Քալսահակեան, Կարին Պասմաճեան, Ճորճ Փիլիպոսեան եւ Փաթիլ Տէօքմէճեան՝ ասմունք, Ժանեթա եւ Յասմիկ Պետրճիկեան՝ դաշնամուր եւ ջութակ, Ցոլեր Գարակիւլլէեան-Սանոսեան՝ երգ, Նարեկ Դարբինեան՝ Ջութակ, եւ Արմինէ Շմաւոնեան՝ Դաշնամուր: