
Կրօնական Ազատութիւններու Պաշտպան Կազմակերպութիւնը Արցախի Ցեղասպանութիւնը Լուսարձակի Տակ Առաւ
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու միջազգային կրօնական ազատութիւններու յանձնաժողովը (USCIRF) իր 5 Յունիսի նիստին ընթացքին լուսարձակի տակ առաւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնը, հայ ղեկավարներու շարունակուող բանտարկութիւնը, Արցախի հայ քրիստոնեայ բնակչութեան տարրական իրաւունքներուն շարունակուող ոտնահարումները եւ Արցախի քրիստոնէական սրբավայրերուն քանդումը, որոնց պատասխանատուն՝ ազրպէյճանի կառավարութիւնը, կը ջանայ Արցախի հայկական բոլոր հետքերը ջնջել։
«Կրօնական ազատութիւններու կացութիւնը ազրպէյճանի մէջ» նիւթով քննարկումին ընթացքին, յանձնաժողովի ատենապետ Սթեֆըն Շնեքի եւ անդամներ Վիքի Հարցնլըրի, Մոհամետ Էլսանուսիի եւ Ասիֆ Մահմուտի կողքին, քննարկումին մասնակցեցան շարք մը այլ մասնագէտներ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց այս քննարկումը եւ արտաքին գործոց նախարարութեան հասցէագրուած այն առաջարկները, թէ ազրպէյճան պէտք է շարունակէ մնալ կրօնական ազատութիւններու գծով հսկողութեան տակ եղող երկրներու ցանկին վրայ:
Յանձնաժողովը նաեւ Ուաշինկթընին կոչ ըրաւ՝ ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու, շրջանը միջազգային դէտեր առաքելու եւ կրօնական ազատութիւններու բարեկարգումները օժանդակութիւններու պայման դարձնելու։
Ներկայացուեցաւ նաեւ Արցախի մէջ հայկական կոթողներու բնաջնջումը տեղեկագրող՝ «Կովկասեան ժառանգութեան դէտ» կազմակերպութեան ուսումնասիրող Յուսիկ Ղուլեանի մանրամասն զեկոյցը, հայկական պատմական եւ կրօնական կոթողներուն անմխիթար կացութեան մասին, որուն մէջ կ՛ազդարարուի, թէ պաքու վերջերս արագացուցած է բնաջնջումի իր արշաւը։
Արցախին զօրակցելու եւ ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի արշաւին միանալու համար այցելել կայքէջը։