Մեր Ինքնութեան Կարեւորագոյն Հիմքերէն Մէկուն Հանդէպ Վարչախումբին Արգահատելի Նպատակադրումները Ապազգային են․ ՀՅԴ Բիւրօ

Հայաստան, Սփիւռք

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Այսօր, երբ հաւաքական հայ ժողովուրդը անվտանգային լրջագոյն մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, երբ յաղթահարուած չեն Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին ուղղուած գոյութենական սպառնալիքները, երբ ազգային համախմբումն ու միասնականութիւնը կենսական անհրաժեշտութիւն են, իշխող վարչախումբը բացայայտ արշաւ սկսած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, անոր Ազգընտիր Հայրապետի եւ Եպիսկոպոսաց դասի նկատմամբ։

Մեր ինքնութեան կարեւորագոյն հիմքերէն մէկուն հանդէպ վարչախումբին արգահատելի նպատակադրումներն ու հռետորաբանութիւնը ակնյայտօրէն ապազգային են եւ հակասահմանադրական։

Աներկբայ է, որ զազրելի ցեխարձակումները համընկան արտաքին հարթակներու վրայ ազգային շահերու եւ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ ՀԱԵ նախաձեռնութիւններուն հետ։

Ակնյայտ է նաեւ, որ իշխանութիւններուն ոտնձգութիւնները հունաւորուեցան թշնամի երկրի «կրօնապետ»-ին անբարոյ եւ ստայօդ յայտարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ որոշ շրջանակներու կողմէ Հայաստանի մէջ կրօնական ազատութիւններու թեման շահարկելու, Հայոց ազգային եկեղեցւոյ սահմանադրօրէն ամրագրուած պատմական առաքելութիւնն ու կարգավիճակը խաթարող նպատակադրումներուն զուգահեռ։

Հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ Հայ եկեղեցւոյ պատմական բացառիկ դերակատարութիւնը չարժեւորելն ու վերջինս թիրախաւորելը ոչ միայն թշնամական շահեր կը սպասարկէ, այլեւ կը խորացնէ երկրին մէջ տիրող արժէքային ճգնաժամը, կը տկարացնէ մեր հաւաքական դիմադրողականութիւնը, կը նսեմացնէ հաւատաւոր հայ ժողովուրդի նուիրական զգացումներն ու արժանապատուութիւնը։

ՀՅԴ Բիւրոն իր անվերապահ աջակցութիւնը կը յայտնէ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիին, խստօրէն կը դատապարտէ իշխող վարչախումբի՝ Հայ Եկեղեցւոյ հանդէպ քայքայիչ, հակապետական գործողութիւնները եւ կը յայտարարէ, որ համահայկական կառոյցի ողջ կարողականութեամբ եւ միակամութեամբ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ կողքին է՝ յանուն հայ ժողովուրդի հաւաքական իղձերու եւ Հայոց պետականութեան զօրացման։  

ՀՅԴ Բիւրօ

10. 06. 2025

Ամբողջական հոդվածը կարող եք կարդալ այս հասցեով՝ https://yerkir.am/hy/article/2025/06/10/294010