
Եկեղեցին Փաստացի Բռնագրաւելու Մտադրութեան Մասին Ն.Փ.-ի Գրառումը Սահմանադրական Կարգի Տապալման Նախապատրաստութիւն Կը Համարուի․ Հինգ Իրաւապաշտպաններու Նախաձեռնութիւն
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ Եկեղեցւոյ նուիրապետներու նկատմամբ՝ բացառիկ ցինիզմով համեմուած երկօրեայ յարձակման գագաթնակէտը եղաւ Եկեղեցին փաստացի բռնագրաւելու մտադրութեան մասին Ն.Փ.-ի գրառումը։
Կը յայտարարենք, որ այդ գրառումը ինքնին կը հանդիսանայ Սահմանադրական կարգի տապալման նախապատրաստութիւն, քանի որ պետութենէն Եկեղեցւոյ անջատ կարգավիճակը ՀՀ Սահմանադրական կարգի հիմունքներէն մէկն է։ Այսպիսով, նշուած անձը թոյլ տուած է քրէօրէն հետապնդելի ծանրագոյն յանցանք։
Այնուհանդերձ, անիմաստ կը համարենք այդ հարցով յանցագործութեան մասին հաղորդում ներկայացնելը, քանի որ բազմիցս համոզուած ենք իրաւասու կառոյցներու քաղաքական սպասաւորութեան մէջ։
Միաժամանակ, կոչ կ՝ընենք ՀՀ բոլոր քաղաքացիներուն, յատկապէս՝ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ զաւակներուն, բոլոր միջոցներով հանդէս գալու ՀՀ Սահմանադրական կարգի եւ Ազգային Եկեղեցւոյ պաշտպանութեամբ։