«ՄիլաԳրի» Հիմնադրամը Արցախցի Երեխաներուն Ջերմութիւն եւ Սէր Պիտի Պարգեւէ

Հայաստան

Յունիս 1-ին, ժամը 12-ին, «Թումանեան՚ս ԱՐՏ» սրճարանին մէջ, «ՄիլաԳրի» հիմնադրամը պիտի կազմակերպէ Արցախի երեխաներու նկարչական ցուցահանդէս՝ «Իմ Հայրենիք. Իմ տուն. Իմ Արցախ» թեմայով։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԱՊԱՌԱԺ»-ը։

Պիտի իրականացուի նաեւ նկարչութեան վարպետաց դաս: Դասաւանդողներն են Գայիանէ Պետրոսեանն ու Միրիտա Բարդակճեանը։

Աւարտին երեխաները պիտի հիւրասիրուին եւ ունենան ջերմ մթնոլորտ։