Հայաստանի Մէջ «Արեւմտեան ազրպէյճան Չկայ». Երեւան Կ՛արձագանգէ ալիեւին

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան անդրադարձաւ ազրպէյճանի նախագահ իլհամ ալիեւի կողմէ յաճախ հնչող՝ այսպէս կոչուած «Արեւմտեան ազրպէյճան» կեղծ խօսոյթին: «Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքում «Արեւմտեան ազրպէյճան» չկայ. արեւմտեան ազրպէյճանը ազրպէյճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջաններն են»,- ըսաւ Բադալեան:

Յիշեցնենք, որ ազրպէյճանի նախագահ իլհամ ալիեւ յայտարարեց, որ «արեւմտեան ազրպէյճանցիներուն» վերադարձի հարցը ազրպէյճանի օրակարգէն պիտի չհանուի այնքան ատեն որ վերադարձը չէ իրականացած: