
Մուսա Լերան Հերոսամարտին Նուիրուած` Ֆրեզնոյի Յուշարձանին Պաշտօնական Բացումը
Ֆրեզնոյի Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան նախաձեռնութեամբ կառուցուած՝ Մուսա Լերան հերոսամարտին նուիրուած Ֆրեզնոյի յուշարձանին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 18 Մայիսի յետմիջօրէին, «Արարատ-Մասիս» գերեզմանատան մէջ, «Նեմեսիս» գործողութեան հերոսներէն Սողոմոն Թէհլիրեանի յուշարձանին կից գտնուող հողամասին վրայ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։
1915-ի հերոսամարտի նահատակներուն նուիրուած յուշարձանին հիմնարկէքը տեղի ունեցած էր մօտաւորապէս երկու տարի առաջ։ Անիկա կրկնօրինակն է 1932-ին Մուսա Լերան վրայ կանգնեցուած յուշակոթողին։

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի առաջնորդութեամբ եւ հոգեւորականաց դասին մասնակցութեամբ՝ տեղի ունեցաւ յուշարձանին օծումը։

Կամքէ անկախ պատճառներով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի ներկայ չէր (առաջնորդը Վատիկան կը գտնուէր՝ մասնակցելու Լէօ ԺԴ. պապի գահակալութեան արարողութեան)։
Հոծ բազմութեան մը ներկայութեան խօսքեր արտասանեցին միութեան ատենապետ Նշան Տէր Գալուստեան, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, Լեւոն Ֆիլեան, Վարուժան Տէր Սիմոնեան, Յակոբ Ճամպազեան եւ Արա Քարազեան։
Այնուհետեւ, «Կարօ եւ Ալիս Կիւրէղեան» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը՝ Մուսա Լերան տոհմիկ ուտելիքներով։
