
ԱՄՆ Նախագահը Քրէյկ Միսաքեանը Նշանակեց Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Դաշնակցային Դատախազ
ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հայ իրաւաբանական միութեան երկարամեայ անդամ Քրէյկ Միսաքեանը նշանակեց Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ դաշնակցային դատախազ։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԱՍՊԱՐԷԶ»-ը։
«Ճորճթաուն» համալսարանի իրաւագիտութեան դպրոցէն շրջանաւարտ Միսաքեան երկար տարիներ գործած է պետական ծառայութեան մէջ՝ հետապնդելով ահաբեկչութեան եւ կաշառակերութեան դէպքեր եւ մասնակցած՝ Պենկազիի քոնկրեսական հետաքննութեան։ Նշանակումը, զոր Հայ իրաւաբանական միութիւնը ողջունեց, պէտք է Ծերակոյտին կողմէ հաստատուի։