
թուրքիոյ Քրտական Երկու Կուսակցութիւններ Կը Դատապարտեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը
թուրքիոյ խորհրդարանական քրտամէտ Ժողովուրդներու հաւասարութեան եւ ժողովրդավարական կուսակցութիւնը (ՏԵՄ) Ապրիլ 24-ին առնչուած ուղերձ յղած է: Այս մասին, ըստ «ԱԶԴԱԿ»-ի, կը հաղորդէ թրքական «Պիանեթ»-ը:
ՏԵՄ կուսակցութիւնը դատապարտած է 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան գործադրած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, պահանջած առերեսուիլ պատմական իրականութեան հետ եւ վնասուածներէն ներողութիւն խնդրել:
Քրտական այլ կուսակցութիւն մը` Ժողովրդավարական շրջանները (ՏՊՓ) իր կարգին դատապարտած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը իր յայտարարութեան մէջ` նշելով, որ ճիշդ 110 տարի առաջ, Ապրիլ 24-ին 235 հայ մտաւորականները մահուան ուղարկելով սկսած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: