
Հսկում-ջահերթ Գամիշլիահայութիւնը Վերանորոգ Ուխտով Յիշատակեց Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ Տարելիցը
Չորեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2025֊ի երեկոյեան Գամիշլիի փոխանորդարանի շրջափակին մէջ կատարուեցաւ բարեխօսական կարգ՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն, նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, ներկայութեամբ Բարձր Ճեզիրէի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհիապատիւ Տ.Անդրանիկ Սրբ.Եպս. Այվազեանի, հոգեւոր հայրերու , Յարաբերական Մարմնի, իսլամ կրօնապետներու, արաբ եւ քիւրտ աշիրապետներու, քաղաքական զանազան կուսակցութիւններու եւ բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան։
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն ու ջահերով երթ, մասնակցութեամբ Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան «Նիկոլ Դուման» մասնաճիւղի երիտասարդութեան, Պատանեկան Միութեան «Զաւարեան» մասնաճիւղի պատանիներուն եւ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտութեան։
Հսկումի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ազգային Միացեալ վարժարանի շրջափակին մէջ։
Պատանիները կենդանի պատկերով յայտնեցին, որ հայոց պահանջատիրութիւնը պիտի շարունակուի, եռագոյնը եւ Արցախի դրօշը կողք-կողքի պիտի ծածանին եւ հայ ժողովուրդը իր մշակոյթով ու ստեղծագործ ոգիով պիտի շարունակէ պայքարիլ յանուն արդար հատուցման։
Ապա հանդիսաւար բժշկհ. Մարի Մելքոնեան-Պետրոսեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յագելու յիշատակը անմահ նահատակներուն, որմէ ետք պատանիները երգեցին Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները։
Բացման արաբերէն խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի վարչութեան անդամ Լիզա Շառոյեան, որ համառօտ կերպով ներկայացուց Ապրիլեան ողբերգութիւնը՝ ի տես մարդկութեան եւ աշխարհին, որոնք ականատես դառնալով մէկտեղ, լուռ մնացին, ապա անդրադարձաւ Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն, որուն ի տես եւս միջազգային շարք մը ատեաններ կը շարունակեն լուռ մնալ։
Յաւուր պատշաճի խօսքերով հանդէս եկան Հայր Անդրանիկ Այվազեան, Ուահրազ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերու ներկայացուցիչ, շէյխ Մուհամմետ Քատրի, որ թոռն է այն շէյխերուն, որոնք դէմ դրին Սուրիոյ հողերուն վրայ հայոց սպանդի շարունակման, շէյխ տոքթ. Մրշըտ Մաաշուք Ալխազնաուի, Հըքմաթ Հապիպ՝ ինքնակառավարման գրասենեակի ներկայացուցիչ, Ճանտա Հաուլ , ժողովրդավար Միաւորում կուսակցութեան ներկայացուցիչ Իլհամ մուհհամետ, մեթր Ատնան Աազօ Պահպանողական կուսակցութեան քաղաքական գրասենեակի անդամ եւ Մաան ալ-Տանտահ, բժշկ․ Սանհարիպ Պարսում ասորի միասնական կուսակցութեան պետ,
Կաուրիէ Շապօ՝ Սուրիոյ ասորի ժողովրդավար կազմակերպութեան գործադիր գրասենեակի անդամ։
Ընթերցուեցաւ նաեւ քիւրտ աշիրէթներու խորհուրդի նամակը այս առիթով, ապա խօսք առաւ
Ապտուլ Սալամ Սայտ Մահմուտ՝ TAV- DAM-ի պատասխանատու, իսկ Ռէզան Կլօ ներկայացուց Սուրիոյ հիւսիւսարեւելեան շրջանի նահատակներու, վիրաւորներու եւ քեռիներու ծնողներուն խօսքը։ Խօսք առին նաեւ Ուաէլ Միրզա՝ Սուրիոյ ժողովրդավար ասորի կուսակցութեան ներկայացուցիչը, Սուատ Հասո՝ Սուրիոյ եզիտի միասնութիւն խմբաւորման ներկայացուցիչը եւ Ապտուլ Պաքի Տարուիշ Սուրիոյ քրտական ժողովրդավար կուսակցութեան ներկայացուցիչը։
Գեղարուեստական յայտագիրը ընդգրկեց Սիամանթոյի «Ափ Մը Մոխիր» քերթուածը եւ արաբերէն ասմունք մը, զորս ներկայացուցին «Զաւարեան» մասնաճիւղի պատանիները, իսկ ազգային երգով հանդէս եկաւ Ատուր Ադամեան։
Հոգշ Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան փակման խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ հիւրերուն, որոնք ընդառաջելով հրաւէրները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդի արդար պահանջատիրութեան՝ կասեցնելու համար նման ցեղասպանութիւններու կրկնութիւնը։ Հայր սուրբը հաստատեց, որ հայ ժողովուրդը պիտի մնայ հաւատարիմ իր նահատակներու կտակին մինչեւ արդար հատուցում։