
ՀՕՄ-ը Կը Պահանջէ, Որ Յանուն «Խաղաղութեան» Հայոց Ցեղասպանութեան Ուրացման Որեւէ Փորձ Խստօրէն Դատապարտուի Եւ Կանխարգիլուի
ՀՕՄԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Երիտասարդ թուրքերուն կողմէ ծրագրուած եւ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակը մեր ազգը կը նշէ հայութեան համար ոչ-բարենպաստ պայմաններու մէջ։ Արցախը ներքին եւ արտաքին գործօններու պատճառով հայաթափուած է իր բնիկ ժողովուրդէն, Հայաստանի մէջ կ՛արձանագրուին հայութեան պատմաքաղաքական շահերուն անյարիր զարգացումներ, Սփիւռքի տարածքին հայութիւնը կը դիմագրաւէ բազում հարցեր։
Այսպիսի իրավիճակի մը մէջ, Հայ Օգնութեան Միութիւնը իր ձայնը կը միացնէ հայութեան գիտակից եւ յանձնառու մեծ զանգուածի կոչերուն եւ կը պահանջէ, որ յանուն «խաղաղութեան» Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման որեւէ փորձ խստօրէն դատապարտուի եւ կանխարգիլուի՝ հաստատելով, որ հայ ժողովուրդի հողային, մարդկային եւ ունեցուածքի հատուցումը արդար եւ անվիճելի իրաւունք է, որ ժամանակի թաւալման հետ իր ուժը եւ օրինականութիւնը չի կորսնցներ։
Հայ Օգնութեան Միութիւնը՝ իբրեւ հայութեան ծոցէն ծնած մեծ կազմակերպութիւն մը, խորապէս կը գիտակցի, որ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը եւ զարգացումները չեն կրնար ստուեր ձգել եւ մոռացութեան տանիլ հայութեան պահանջատիրութիւնը, որ կը նպատակադրէ արդարութիւնը հաստատել՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով եւ հայ ժողովուրդի բոլոր իրաւունքներուն հատուցումով։
Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակը պարզապէս թուական մը չէ։ Անիկա առիթ է՝ քաղաքական յանձնառութիւն դրսեւորելու, թէ՝ հայութիւնը ոչ մէկ պարագայի պիտի հրաժարի իր իրաւունքներէն եւ պիտի շարունակէ պահանջատիրական իր պայքարը՝ յանուն արդարութեան։ Հայ Օգնութեան Միութիւնը այս յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ ծառայելով հայ ժողովուրդին, թարգմանը հանդիսանալով անոր արդար իրաւունքներու ձեռքբերումին եւ իր ձայնը լսելի պիտի դարձնէ միջազգային հարթակներու վրայ՝ շեշտելով արդարութեան եւ հաւասարութեան համամարդկային իրաւունքներու ամրագրման կարեւորութիւնը։
Հայութիւնը այսօր առաւել քան կարիքը ունի միասնականութեան։ Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը հաւատայ, որ միասնականութեամբ եւ հայութեան քաղաքական, տնտեսական, գիտական, կրթական, մշակութային եւ այլ մարզերու մէջ ներուժին ճիշդ օգտագործումով կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները եւ ամբողջական Հայաստանի տեսլականով առաջնորդուելով՝ հասնիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդար հատուցման։
Հայոց Ցեղասպանութեան 110ամեակին առիթով՝ ՀՕՄ-ը կը վերանորոգէ հայութեան ծառայելու իր ուխտը եւ նոր թափով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։
ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ