Մեծ Հանրահաւաք՝ Յանուն Արցախցիներու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան

Հայաստան, Սփիւռք

Վաղը, Մարտ 29-ին, ժամը 15:00-ին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ մեծ հանրահաւաք՝ յանուն արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան խորհուրդը:

«Օրակարգային հիմնական հարցերն են՝ Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի հարցին առաջմղումը, Հայաստանի մէջ արցախցիներու ընկերային եւ այլ իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, գերիներու ազատ արձակման ջանքերը, Արցախի մշակութային ժառանգութեան ու մասնաւոր սեփականութեան պաշտպանութիւնը:

Կը յորդորենք բոլոր արցախցիներն ու Արցախի ցաւով ապրող մեր մնացած հայրենակիցները մասնակցելու հաւաքին եւ մեր միասնական ձայնը բարձրացնելու Հայաստանի մէջ եւ միջազգային հարթակներու վրայ արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար»,- նշուած է տարածուած յայտարարութեան մէջ: