
ՀՕՄ-ը Մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի Կանանց Իրավիճակի Յանձնաժողովի Նախաձեռնութիւններուն
Հայ Օգնութեան Միութիւնը դարձեալ մասնակցեցաւ նախաձեռնութիւններու, որոնք տեղի ունեցան կազմակերպութեամբ ՄԱԿ-ի Կանանց կարգավիճակի յանձնաժողովին եւ «Պէյճինկ 30+» կազմակերպութեան, ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ, 10-21 Մարտ:
ՀՕՄ-ի պատուիրակութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ Կանանց կարգավիճակի յանձնաժողովի 69-րդ խորհրդաժողովի բացման հանդիսութեան, ուր առիթը ունեցաւ հանդիպելու Լիբանանի Հանրապետութեան առաջին տիկին Նաամաթ Աունի հետ: ՀՕՄ-ը իբրեւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն, 1976-էն ի վեր գործունեայ աշխատանք կը տանի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ, իսկ 1998-էն ի վեր կ՛անդամակցի իբրեւ արձանագրուած խորհրդատու անդամ ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային յանձնաժողովին (ECOSOC):

Կանանց կարգավիճակի յանձնաժողովի 69-րդ խորհրդաժողովի նիստերուն մասնակցող ՀՕՄ-ի անդամները` Նիւ Եորքէն, Նիւ ճըրզիէն, Լոս Անճելըսէն, Ուաշինկթըն Տի.Սի.էն եւ Գանատայէն, ներկայ գտնուեցան տարեկան «Թաունհոլ» հանդիպումին՝ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշի հետ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններու եւ բաժանմունքներու կողմէ կազմակերպուած նիստերուն ու իրենց ներդրումը ունեցան անոնց յաջորդող քննարկումներուն:
12 Մարտին, ՀՕՄ-ը, համագործակցաբար Հայկական իրաւական կեդրոնին՝ կազմակերպեց նիստ մը «Տոկունութիւն Եւ Ապաքինում. Կիներու Դերը Տագնապներու Գօտիներուն Եւ Առողջութեան Պաշտպանութեան Մէջ» խորագիրով՝ ՄԱԿ-ի Եկեղեցւոյ կեդրոնին մէջ, որ կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ։
ՀՕՄ-ի նիստին բացման խօսքը արտասանեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեան։ Ապա Թերեզա Երիմեան ներկայացուց «Տագնապներու Գօտիներու Մէջ Կիներու Դերակատարութեան Մասին» զեկոյցը, որուն յաջորդեց դոկտ. Գէորգ Յակոբճեանի զեկոյցը։ Ան անդրադարձաւ տագնապներու գօտիներուն մէջ կիներու պաշտպանութեան կոչուած օրինական քայլերու ամրապնդման կարեւորութեան։ Ապա դոկտ. Լորգի Լիպարիտեան Հայաստանէն առցանց միացաւ եւ խօսեցաւ տագնապներ դիմագրաւող կիներու առողջութեան պաշտպանութեան մասին։ Վերջապէս դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան ներկաներուն հետ բաժնեկցեցաւ պատմութիւններ եւ դրուագներ, որոնք լուսարձակի տակ առին Հայաստանի, Արցախի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Երուսաղէմի մէջ ՀՕՄ-ի նախաձեռնութիւնները։ Ան նաեւ կատարեց նիստին համակարգողի պարտականութիւնը։
Սոյն նիստի աւարտին տեղի ունեցաւ հարցում-պատասխանի բաւական աշխոյժ բաժին մը, որուն մասնակցեցան անդամ պետութիւններու մեծ թիւով ներկայացուցիչներ, ՄԱԿ-ի գործակալութիւններու, ոչ-կառավարական զանազան կազմակերպութիւններու եւ ՀՕՄ-ի անդամներ։ Նիստը ուղղակի սփռուեցաւ ՀՕՄ-ի հաղորդակցութեան եւ ընկերային ցանցերու միջոցով, որուն արձանագրութիւնը կարելի է տեսնել ՀՕՄ-ի «Ֆէյսպուք»ի եւ «Ինսթակրամ»ի էջերուն վրայ:
Այս հանդիպումը կը նպատակադրէր միացնել անձեր, որոնք հետաքրքրուած են տագնապներու գօտիներու մէջ ապրող կիներու թիկունք կանգնելու աշխատանքով եւ պաշտպանելու անոնց առողջութիւնը՝ տարբեր ծրագիրներու միջոցով, որոնք կ՛օժանդակեն անոնց վերականգնման ճիգերուն։
Հայ Օգնութեան Միութիւնը հպարտ մասնակցողը եւ անդամն է ՄԱԿ-ի Կանանց յանձնաժողովին եւ պիտի շարունակէ իր ճիգերը՝ հզօրացնելու համար կիները Հայաստանի եւ աշխարհի տարածքին։