
Նիկոլ Փաշինեանի Վարչախումբը Իրաւագիր Չունի Հայ Ազգի Զաւակներուն Ճակատագիրը պաքուի Բռնապետի Քմահաճոյքին Ձգելու Համար․ Յայտարարութիւն
Դիւանագէտներու Համահայկական Խորհուրդը տարածած է յայտարարութիւն, ուր կ՝ըսուի․
Մինչ Հայաստանի գործող իշխանութիւնները կը վայելեն տարբեր երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու քաջալերող յայտարարութիւնները, իշխող վարչախումբի տարբեր տրամաչափի գործիչներու մեկնաբանութիւնները կը բացայայտեն հայ-ազրպէյճանական «խաղաղութեան պայմանագիր»-ի նախապատրաստման եւ համաձայնեցման ողջ գործընթացի պերճանքն ու թշուառութիւնը:
Վերստին հաստատուեցաւ, որ Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը աւելի շատ եղած է բանակցային կեղծաւորութիւն, որուն նպատակը տպաւորութիւն ստեղծելն է, թէ անիկա ոչ թէ Հայաստանի միակողմանի զիջումներու, այլ կողմերու դիրքորոշումները մօտեցնելու նպատակով իրականացուած դիւանագիտական աշխատանքի արդիւնք է:
Ակնյայտ է, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան պատասխանատուները ոչ մէկ հիմնաւորում չեն կրնար բերել ազրպէյճանի կողմէ ընդառաջ կատարուած քայլերուն, հրաժարուած ձեւակերպումներուն մասին: Ոչ մէկ փաստարկ չկայ նաեւ Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներէն ազրպէյճանական ստորաբաժանումներու դուրսբերման, պաքուի բանտերուն մէջ խոշտանգուող եւ կեղծ դատավարութիւններէն տառապող հայ ռազմագերիներուն ու Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ազատ արձակելու պահանջուած կէտերը հետապնդելուն եւ զանոնք առաջ մղելու ջանքերուն մասին:
Ուշադրութիւն կը հրաւիրենք նաեւ այն հանգամանքին վրայ, որ «խաղաղութեան պայմանագիր»-ի համաձայնեցուած ըլլալուն մասին Հայաստանի կառավարող վարչախումբի ներկայացուցիչներուն ոգեւորուած ելոյթներէն ետք նոյնիսկ այդ փաստաթուղթին բովանդակութիւնը կը շարունակեն գաղտնի պահել հանրութենէն: Կասկածի տեղ կու տայ նաեւ իբրեւ թէ համաձայնեցուած պայմանագրին յետագայ ընթացքը. քանի դեռ հայկական կողմէն կ՝ակնարկեն ստորագրման տեղի ու ժամանակի մասին, միւս կողմէն՝ ազրպէյճանական պատասխանատուները, առանց փակագիծերու, կը խօսին այդ կարգի հարցերու վաղաժամ ըլլալուն մասին եւ կ՝առաջադրեն նորանոր պահանջներ:
Որեւէ արդարացում չի կրնար ըլլալ Հայաստանի ներկայ կառավարիչներուն կողմէ հայ ժողովուրդի անվտանգ եւ արժանապատիւ գոյութեան բանաձեւի կամայական խեղաթիւրումներուն համար, որոնք կը կատարուին միմիայն սեփական իշխանութիւնը երկարաձգելու եւ պետական կառավարման համակարգի բոլոր ոլորտներում թոյլ տուած տապալումները քօղարկելու նպատակով:
Դիւանագէտներու համահայկական խորհուրդը, հիմք ընդունելով իր անդամներու նախապէս ներկայացուցած տեսակէտները եւ հաշուի առնելով մեր ժողովուրդի իրական ու արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու բնական ձգտումները, կ՝արձանագրէ, որ տեւական եւ կայուն խաղաղութիւն չի կրնար հաստատուիլ հակամարտութեան միայն մէկ կողմի առաւելապաշտական ցանկութիւնները բաւարարելու միջոցով: Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ ներկայ անվստահութեան մթնոլորտը խիստ պահանջուած կը դարձնէ անկողմնակալ, յուսալի եւ պատասխանատու միջնորդական առաքելութեան ներգրաւումը, իսկ արդար կարգաւորման համար պարտադիր կը համարենք հետեւեալ հիմնադրոյթներուն հասցէագրումը.
- ՀՀ ինքնիշխանութեան իրական վերականգնումը՝ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման եւ ազրպէյճանական զօրքերու դուրսբերման ճանապարհով:
- Ապաշրջափակում եւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու վերագործարկում՝ բոլոր կողմերուն համար շահաւէտ տնտեսական համագործակցութեան հեռանկարով:
- Միջազգային իրաւունքի ծիրէն ներս Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի եւ այլ հիմնարար իրաւունքներու ամրագրումը:
- Բոլոր գերեվարուած եւ պատանդառուած անձերուն, ներառեալ՝ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ազատ արձակումը եւ աշխոյժ աշխատանք՝ անյայտ կորսուած քաղաքացիներու ճակատագրերը պարզելու ուղղութեամբ:
Թուարկուած պահանջներուն հետ մէկտեղ կը շարունակէ առաջնային պայման մնալ համաձայնեցուած պայմանագրի հրապարակումը:
Նիկոլ Փաշինեանի վարչախումբը իրաւագիր չունի հայ ժողովուրդի ապագան կանխորոշելու, հայկական Արցախի թեման մոռացութեան տալու եւ հայ ազգի զաւակներուն ճակատագիրը պաքուի բռնապետի քմահաճոյքին ձգելու համար, ուստի եզրակացութիւնը մէկն է՝ այս պայմանագիրը որեւէ առնչութիւն չունի խաղաղութեան հետ, հակառակը, նման կարգի պայմանագրի ստորագրումը պիտի բարձրացնէ ազրպէյճանի կողմէ նոր պահանջներ ներկայացնելու գայթակղութիւնը կամ ճանապարհ պիտի բանայ Հայաստանի դէմ նոր պատերազմի համար: