
Եւրոպական Խորհրդարանը Բանաձեւ Ընդունեց՝ պաքուէն Պահանջելով Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները
Եւրոպական խորհրդարանը 13 Մարտին, 523 թեր, 3 դէմ, եւ 84 ձեռնպահ քուէներով որդեգրեց «ազրպէյճանի կողմէ հայ պատանդներու, որոնց կարգին Լեռնային Ղարաբաղի բարձրաստիճան քաղաքական ներկայացուցիչներու անօրէն ձերբակալութիւնը եւ անոնց դէմ շինծու դատավարութիւնները» խորագրեալ բանաձեւ մը, որուն միջոցով կը դատապարտէ ազրպէյճանի կողմէ հայ պատանդներուն նկատմամբ անմարդկային վերաբերմունքը, կը պահանջէ զանոնք անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակել եւ կոչ կ՛ուղղէ՝ յարգել արցախահայութեան տունդարձի իրաւունքը:
Բանաձեւին մէջ կը նշուի.
«Նկատի ունենալով Հայաստանի եւ ազրպէյճանի վերաբերեալ Եւրոպական խորհրդարանի նախկին բանաձեւերը,
«Նկատի ունենալով իր Կանոնակարգի 150(5) եւ 136(4) կանոնները,
«Ա.- Նկատի ունենալով, որ ազրպէյճանի մէջ բանտարկուած են 23 հայեր, որոնց կարգին՝ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին տը ֆաքթօ (իրողական) պաշտօնատարներ եւ ռազմագերիներ՝ 2020-ի պատերազմին եւ անոր յաջորդած ցեղային զտումներուն ընթացքին, եւ անոնք կ՛ենթարկուին կեղծ դատավարութիւններու ու անոնց դէմ կ՛ուղղուին լուրջ մեղադրանքներ, որոնք կրնան յանգեցնել անօրէն ցմահ բանտարկութեան.
« Բ.- Նկատի ունենալով, որ այս պատանդները կ՛ենթարկուին անմարդկային եւ նուաստացուցիչ վերաբերմունքի, որոնց կարգին՝ արգիլուած հոգեմտաւոր դեղամիջոցներով, նկատի ունենալով, որ անոնց իրաւունքները չեն յարգուիր, ներառեալ՝ անկախ փաստաբաններու եւ թարգմանիչներու հասանելիութիւնը եւ բողոքարկելու, ընտանեկան տեսակցութիւններ ստանալու եւ առողջական նկատառումներով առկախման կարելիութիւնը, նկատի ունենալով, որ անոնք ազրպէյճանի կողմէ բանտարկեալներուն նկատմամբ վերաբերմունքի միջազգային պարտաւորութիւններու համակարգուած խախտումներ են.
«Գ.- Նկատի ունենալով, որ Ռուբէն Վարդանեան հացադուլի մէջ է եւ անոր առողջութիւնը մեծապէս կը վատթարանայ. նկատի ունենալով, որ միւս պատանդներուն առողջութիւնը նոյնպէս ակնյայտօրէն կը վատթարանայ.
«Եւրոպական խորհրդարանը՝
«1. Կը դատապարտէ հայ պատանդներու անարդար բանտարկութիւնը եւ կը պահանջէ անոնց անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը:
«2. Խստօրէն կը դատապարտէ շարունակուող կեղծ դատավարութիւնները եւ հայ պատանդներու հիմնարար իրաւունքներու հետեւողական ու մնայուն խախտումները եւ կոչ կ՛ուղղէ ազրպէյճանին՝ ամբողջապէս յարգելու անոնց արդար դատավարութեան իրաւունքը եւ ունենալու միջազգային չափանիշներուն համապատասխան բժիշկներու հասանելիութիւն, կ՛ակնկալէ անկախ հետաքննութիւն՝ անոնց վատ վերաբերմունքին գծով:
«3. Խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ պաքուի իշխանութիւններուն՝ ՄԱԿ-ի կառոյցները եւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի գրասենեակները փակելու որոշումին նկատմամբ, ինչ որ պիտի խոչընդոտէ թէ՛ հայ բանտարկեալներուն աջակցելու կարելութիւնը եւ թէ մարդասիրական վերահսկողութիւնը՝ կոչ ուղղելով իշխանութիւններուն՝ վերատեսութեան ենթարկելու իրենց դիրքորոշումը:
«4. Կոչ կ՛ուղղէ ազրպէյճանի մէջ Եւրոպական Միութեան եւ անդամ պետութիւններու դեսպանատուներուն՝ հետեւելու դատավարութիւններուն եւ կանոնաւոր կերպով այցելելու բոլոր հայ պատանդներուն: Կոչ կ՛ուղղէ Մարդու իրաւունքներու հարցերու գծով փոխնախագահին եւ Մարդու իրաւունքներու հարցերու գծով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչին՝ այցելելու անոնց:
«5. Կոչ կ՛ուղղէ՝ Մարդու իրաւունքներու համաշխարհային պատժամիջոցներու ծիրին մէջ, պատժամիջոցներ կիրարկելու ազրպէյճանի բոլոր այն առաջնորդներուն եւ պաշտօնատարներուն դէմ, որոնք կը խախտեն մարդու իրաւունքները, մասնաւորապէս դատախազներ եւ դատաւորներ Զէյնալ Աղաեւի, Ճամալ Ռամազանովի եւ Անար Ռզաեւի նկատմամբ:
«6. Կոչ կ՛ուղղէ Միջազգային քրէական դատարանին՝ հետաքննելու Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան բռնի տեղահանութեան, հալածանքներու եւ ցեղային զտումներու գործերը: Կոչ կ՛ուղղէ՝ ամբողջութեամբ գործադրելու Արդարադատութեան միջազգային դատարանին կողմէ արձակուած բոլոր հրամանները, ներառեալ՝ 2020-ի պատերազմին գերի ինկած բոլոր անձերը բռնութենէ եւ ֆիզիքական խոշտանգումներէ պաշտպանելու՝ ազրպէյճանի պարտաւորութիւնը:
«7. Կը կրկնէ իր վճռական կոչը՝ կասեցնելու 2022-ին Եւրոպական Միութիւն-ազրպէյճան փոխըմբռնման յուշագիրը ուժանիւթի բնագաւառին մէջ ռազմավարական գործընկերութեան վերաբերեալ. կը պնդէ, որ Եւրոպական Միութեան եւ ազրպէյճանի միջեւ ապագայ գործընկերութեան համաձայնագիրը պայմանաւորուի բոլոր քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումով, երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակի բարելաւումով եւ ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն իրաւունքները, ներառեալ վերադարձի իրաւունքը յարգելը անտեղի կերպով չյետաձգելով»: