
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Մեծ Բրիտանիոյ Թեմը Հայ Գերիներուն Հարցով Երկրի Վարչապետին Դիմած է
Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Մեծ Բրիտանիոյ թեմի առաջնորդ Տէր Յովակիմ Եպիսկոպոս Մանուկեանն ու քրիստոնեայ առաջնորդները կոչ կ՝ընեն ՄԹ կառավարութեան քայլեր ձեռնարկելու ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման համար: Այս մասին կը հաղորդէ ABCmedia.am-ը։
Նամակին մէջ կը նշուի.
«Մեծարգոյ վարչապետ եւ Գանձապետարանի առաջին Լորտ՝ Պարոն Քիր Սթարմըր
Կը խնդրեմ ընդունիք իմ՝ Միացեալ Թագավորութեան մէջ Հայոց Եկեղեցւոյ Առաջնորդիս, երախտագիտութիւնը, այս անորոշ ժամանակներուն Եւրոպայի մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղուած ձեր աննկուն ջանքերուն համար: Մեր աղօթքները ուղղուած են Ձեզի եւ բոլոր անոնց, որոնք անխոնջաբար կ՝աշխատին վերջ տալու պատերազմին:
Ես, իմ հոգեւոր եղբայրներս, կը դիմենք Ձեզի յատկապէս արտայայտելու մեր խորին մտահոգութիւնը հայ ժողովուրդի նկատմամբ շարունակուող՝ Մարդու իրաւունքներու խախտումներուն վերաբերեալ, մասնաւորապէս՝ ալիեւեան վարչաձեւին կողմէ ազրպէյճանի մէջ քսաներեք հայերու անազատութեան մէջ ապօրինի պահելուն առնչութեամբ:
Արցախէն (Լեռնային Ղարաբաղ) 120,000 հայերու բռնի տեղահանումէն ետք, 2023թ-ին ազրպէյճանը կամայականօրէն ձերբակալած, կալանքի տակ առած է եւ շինծու հիմքերով մեղադրանքներ ներկայացուցած Արցախ կառավարութեան քսաներեք պաշտօնեաներու եւ ռազմագերիներու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական անձանց նկատմամբ: Այս անձերը, արդար դատավարութեան բոլոր հիմնական սկզբունքներուն խախտումով, այժմ դատաքննութեան կ՝ենթարկուին: Անոնք զրկուած են իրենց ընտրութեամբ իրաւական ներկայացուցչութենէն, իսկ փաստաբաններուն, օտարերկրեայ դիտորդներուն եւ լրագրողներուն կ՝արգիլուի մուտք գործել դատարանի դահլիճ կամ, նոյնիսկ, երկիր։ Կալանաւորները ենթարկուած են եւ կը շարունակեն ենթարկուիլ դաժան վերաբերմունքի:
Անոնց կալանքի տակ պահելը եւ ներկայիս ընթացող դատավարութիւնը Մարդու միջազգային իրաւունքներու եւ Միջազգային մարդասիրական իրաւունքի ակնյայտ եւ կոպտագոյն խախտում կը հանդիսանայ: Անմարդկային եւ ստորացուցիչ պայմաններու մէջ անոնց բանտարկութիւնը պաքուի մէջ խստօրէն դատապարտուած է բազմաթիւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու կողմէ: Անդրադառնալով ազրպէյճանի մէջ կամայականօրէն ձերբակալուած բոլոր անձերուն, ներառեալ՝ հայերուն, ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատար՝ Պրն Ֆոլկեր Տիւրգը յայտարարած է. «Անոնք պէտք է անմիջապէս ազատ արձակուին եւ պէտք է լիովին յարգուին արդար դատավարութեան անոնց իրաւունքները»։ (4 Մարտ, 2025թ.):
ազրպէյճանի՝ շարունակաբար ճնշումները թափանցիկութիւն եւ մարդասիրական օգնութեան վրայ վերջերս արտայայտուեցաւ ինչպէս երկրի մէջ BBC-ի գործունէութեան դադրեցմամբ՝ լռեցնելով անկախ լրատւութեան ձայնը, այնպէս ալ երկրէն Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) վտարմամբ՝ միակ կազմակերպութեան, որ կալանաւորներուն մարդասիրական օգնութիւն կը տրամադրէր եւ կը հանդիսանար անոնց միակ փրկօղակը: Այսպիսով, կալանաւորները լիովին մեկուսացուած են եւ կը մեծնան անոնց նկատմամբ վերաբերմունքի եւ բարեկեցութեան հետ կապուած լուրջ մտահոգութիւնները: Անոնց առողջութեան վատթարացման նշանները հետզհետէ աւելի ակնյայտ կը դառնան: Թերեւս ամենայայտնի կալանաւորը՝ Արցախի նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանը, արդէն երկու շաբաթ է, որ կը գտնուի հացադուլի մէջ՝ ի նշան բողոքի:
Միացեալ Թագաւորութիւնը եղած է Մարդու իրաւունքներու եւ օրէնքի գերակայութեան ջատագովը, եւ այդ է պատճառը, որ ես կը դիմեմ Ձեզի՝ վարչապետին, եւ կը խնդրեմ վճռական քայլեր ձեռնարկել եւ կոչ ընել անյապաղ ազատ արձակելու բանտարկեալները: Ես եւ Միացեալ Թագաւորութեան ու Իռլանտայի հայ համայնքը, որ ես կը ներկայացնեմ, կը խնդրենք Ձեզի պահանջել ազրպէյճանէն՝ պահպանել իր միջազգային պարտաւորութիւնները։ Աւելի համաշխարհային առումով, մենք կոչ կ՝ընենք Ձեր կառավարութեան՝ եւրոպական այլ գործընկերներու հետ միասին, միջկառավարական հարթակներու միջոցով լուծելու այս հրատապ խնդիրը:
Միացեալ Թագավորութեան ամուր դիրքորոշումը եւ հզօր ուղերձը, որ մարդու իրաւունքներու խախտումները չեն հանդուրժուիր, պիտի օգնէ ապահովելու արդարութեան գերակայութիւնը։ Պ-ն վարչապետ, մենք կը խդրենք հանդէս գալ յանուն պաքուի մէջ ապօրինի եւ անարդարացիօրէն ազատազրկուածներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, եւ օգնել ապահովելու, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը եւ բոլորը ապահով կերպով վերադարձուին Հայաստան՝ իրենց տուներն ու ընտանիքները: Ես յոյսով եմ, որ մեր ամենանուիրական եւ հրատապ կոչը լսելի պիտի ըլլայ եւ հաշուի պիտի առնուի:
Իմ կողմէ ցանկացած այլ տեղեկատւութիւն տրամադրելու կամ ցանկացած այլ ճանապարհով օգտակար ըլլալու կարիքի պարագային, ես ուրախ պիտի ըլլայի անվերապահօրէն ընելու ատիկա»,- նշուած է նամակին մէջ:
Նամակին տակ ստորագրած են՝
Եպիսկոպոս Յովակիմ Մանուկեան՝ Միացեալ Թագաւորութեան եւ Իռլանտայի մէջ Հայ եկեղեցւոյ թեմ
Արքեպիսկոպոս Անկաելոս՝ Լոնտոնի Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոս եւ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Պապական Լեգատ
Մեթրոփոլիթան Նիգիդաս՝ Թիաթէյրայի եւ Մեծ Բրիտանիոյ արքեպիսկոպոս, Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցի, Տիեզերական Պատրիարքութիւն
Գերապատիւ Ճէյմս Գարրի՝ Ուէսթմինսթըրի օժանդակ եպիսկոպոս, Կաթոլիկ Եկեղեցի
Արքեպիսկոպոս Աթանասիուս Թոմա՝ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոս
Գերապատիւ Քրիստոֆըր Չեսուն՝ Սատոքի եպիսկոպոս, Անգլիկան Եկեղեցի
Գերապատիւ Նիգոլաս Պէյնս՝ Լիտսի Եպիսկոպոս, Անգլիկան Եկեղեցի
Գերապատիւ Տէր Ֆիլիփ Մունսդըֆեն՝ Ուինչեսթըրի եպիսկոպոս, Անգլիկան Եկեղեցի
Եպիսկոպոս Մայք Ռոյալ՝ Գլխաւոր քարտուղար, Եկեղեցիները Միասին՝ Անգլիոյ մէջ»։