Կը Դատուին Հայ Ըլլալնուն Համար․ Պեռլինի Մէջ Գերիներու Ազատ Արձակման Պահանջով Ցոյց Տեղի Ունեցած է

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Պեռլինի մէջ՝ Պրանտենպուրկեան դարպասներուն մօտ հայ համայնքը իրականացուցած է ցոյց՝ ազրպէյճանէն պահանջելով ազատ արձակել հայ պատանդները:

Ցոյցին մասնակիցները կը պնդեն, որ գերեվարուած պատանդները պաքուի մէջ կը դատուին, որովհետեւ հայ են։

Անոնք կը պահանջեն պատժամիջոցներ կիրառել ազրպէյճանի պաշտօնեաներուն եւ կառոյցներուն հանդէպ։ «Հաշուի առնելով ազրպէյճանի կողմէ մարդու իրաւունքներու շարունակական խախտումները՝ ԵՄ-ն պէտք է նպատակաուղղուած պատժամիջոցներ կիրառէ պատասխանատուներու, ինչպէս՝ բարձրաստիճան քաղաքական եւ ռազմական գործիչներու դէմ, եւ վերագնահատէ ազրպէյճանի հետ իր տնտեսական եւ ուժանիւթի յարաբերութիւնները՝ խուսափելու համար մեղսակցութենէն»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Ցոյցի մասնակիցները կը պահանջեն նաեւ ապահովել հայ քաղբանտարկեալներու ազատ արձակումը, կանխարգիլել մշակութային արժէքներու յետագայ ոչնչացումը, ինչպէս նաեւ երաշխաւորել տեղահանուած հայերու վերադարձի իրաւունքը»։