
Մանէ Թանդիլեանը Հրաժարած է Հանդիպիլ ՄԻՊ Անահիտ Մանասեանի Հետ
Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Անահիտ Մանասեանը հացադուլի չորրորդ օրը այցելած է «Ազատութեան» հրապարակի վրայ հացադուլ յայտարարած Մանէ Թանդիլեանին, Արտաւազդ Ալաւերդեանին եւ Վարդան Աւագեանին:
ABCmedia-ի հետ զրոյցի ընթացքին՝ «Ապրելու երկիր» կուսակցութեան համահիմնադիր Մեսրոպ Առաքելեան տեղեկացուցած է, որ Մանէ Թանդիլեանը հրաժարած է հանդիպիլ Մանասեանի հետ: