Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութիւնը Երկրորդ Տարին Ըլլալով Կը Նահանջէ. Economist Intelligence Unit

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը, ըստ բրիտանական հեղինակաւոր Economist Intelligence Unit հետազօտական կեդրոնին, արդէն երկրորդ տարին ըլլալով նահանջ կ՛արձանագրէ։

Ըստ կազմակերպութեան Ժողովրդավարութեան Ցանկի  (The Democracy Index) վերջին զեկոյցին՝ 2024-ին, Հայաստանի ժողովրդավարութեան տուեալը եղած է 5.35՝ գրեթէ 5 տոկոսով կամ 0.28 միաւորով նուազ 2022-ի ցուցանիշէն։

Ժողովրդավարութեան Ցանկի ղեկավար Ճոէն Հաուի «Ազատութեան» հարցումին պատասխանելով՝ յայտնեց, որ 2024-ի այս ցուցանիշի անկումին պատճառը Հայաստանի մէջ կաշառակերութեան ցուցանիշի վատթարացումն է։ «2022-էն ի վեր, Հայաստանի ընդհանուր ցանկի միաւորումին մէջ փոփոխութիւններ եղած են. երկիրը 2022-ին ունեցած է 5.63 միաւոր: Այս ցուցանիշը 2023-ի վերջաւորութեան նուազեցաւ մինչեւ 5.42՝ այդ տարուան ողբերգական դէպքերէն ետք, երբ փուլ եկաւ կառավարութեան եւ քաղաքական կուսակցութիւններու նկատմամբ վստահութիւնը: 2024-ին, միաւորը առաւել նուազեցաւ՝ հասնելով 5.35-ի՝ կաշառակերութեան ցուցանիշի վատթարացումէն ետք»,- ըսաւ Հաուի, ըստ որուն, Հայաստանի մէջ բազմաթիւ բարեփոխումներ կը մնան տեղքայլի մէջ, ինչպէս նաեւ մեծապէս նկատելի է իշխանութեան կեդրոնացումը վարչապետին եւ անոր շրջապատին ձեռքը, իսկ խորհրդարանը լուսանցքի մէջ է, մինչ խորհրդարանը պէտք է անկախ մարմին մը ըլլայ, բայց այլեւս իբրեւ անկախ մարմին չի գործեր Հայաստանի մէջ։

Թէեւ կառավարութիւնը կը պնդէ, որ համակարգային կաշառակերութիւն չկայ, վերջերս հրապարակուած «Թրենսփերընսի Ինթըրնեշընըլ»ի՝ կաշառակերութեան ընկալման ցանկին մէջ Հայաստան դրական 100 առաւելագոյնէն
ստացած էր 47 միաւոր։ Արդէն երկրորդ տարին ըլլալով՝ Հայաստան անընդմէջ
կ՛արձանագրէ նոյն միաւորը։ Ոլորտի փորձագէտները այս իրավիճակը կը բնութագրեն «լճացում» բառով։

Քաղաքակրթական եւ մշակութային հետազօտութիւններու կեդրոնի գիտաշխատող, քաղաքագէտ Նարեկ Սուքիասեան դիտել տուաւ, որ Ժողովրդավարութեան Ցանկի ցուցանիշին վրայ ազդած են նաեւ ներքաղաքական գործօններ, որոնց կարգին դատական համակարգի անկախութեան պակասը։

«Կարող ենք, թերեւս, խօսել գործադիրի մասնակցութիւնը դատական իշխանութեան մէջ, պաշտօնների յատկապէս մասով, որը կասկածի տակ է դրել դատական համակարգի անկախութիւնը: Մենք կարող ենք քաղաքացիների վստահութեանն առնչուող հարցերի մասին ենթադրութիւն անել, մենք տեսնում ենք, որ ըստ այլ հարցումների, աւելի բաց հարցումների` վստահութիւնը բարձր մակարդակի վրայ չէ, մենք տեսնում ենք ընտրութիւններում մասնակցութեան շատ ցածր ցուցանիշներ, որը բաւական խօսուն է»,- ըսաւ Սուքիասեան:

Ասոր զուգահեռ, The Bell թերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Տնտեսագիտութեան Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Տարօն Աճէմօղլու ըսաւ, որ խորհրդային համակարգի շուկայական տնտեսութեան եւ ժողովրդավարութեան անցումը միշտ ալ շատ դժուար եղած է, բայց, օրինակ, Լեհաստան եւ Չեխիա յաջողութեամբ կրցան այդ մէկը ընել՝ Եւրոպական Միութեան օգնութեամբ եւ ուղղորդումով։

«Նայեցէք նախկին խորհրդային բոլոր հանրապետութիւններուն. գործնական գետնի վրայ չկայ որեւէ երկիր, որ դէպի ժողովրդավարութիւն հարթ ճամբայ անցած ըլլայ:

Մարդկային գլխաւոր ուժի եւ արտաքին աջակցութեան գծով, թերեւս, լաւագոյն կերպով պատրաստուած երկիրը Հայաստանն էր։ Բայց Հայաստան յաջողութիւններու չէ հասած ըլլայ տնտեսութեան, ըլլա՛յ քաղաքականութեան մէջ։ Այնպէս որ, այն փաստը, որ այս երկիրներէն շատերուն մէջ հանրութիւնը տկար էր, եւ անցումը նոր համակարգին ընթացաւ Ելցինի բեմագրութեան նմանութեամբ, երբ իշխանութեան եկան նախկին խորհրդային տարրերը եւ իրենք զիրենք հռչակեցին անկախութեան առաջնորդներ, կը կարծեմ՝ գլխաւոր հարցն է»,- ըսաւ Աճէմօղլու։