
Համահայկական Հրատապ Իրադարձութիւններու Քննարկում «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ի Նիստին
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստը կայացաւ Կիրակի, 2 Մարտ 2025-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին։
Նիստը քննարկեց.-
ա) Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան, գերիներու եւ պահուող անձանց ազատ արձակման կոչով Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին ուղղած նամակը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին։
բ) Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ունեցած հանդիպումները Զուիցերիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ եւ Ցեղասպանութեան պատճառականութեան մասին վարչապետին հնչեցուցած միտքերուն նկատմամբ հասցէական արձագանգը Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։
Հայաստանէն, Արցախէն, Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն, հարաւային Ամերիկայէն եւ Միջին Արեւելքէն Հարթակի անդամ պատմաբանները, իրաւագէտներն ու քաղաքագէտները խորքային քննարկումով անդրադարձան աշխարհակարգային փոփոխութիւններուն, անոնց ունենալիք հաւանական ազդեցութիւններուն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ընդհանրապէս հարաւային Կովկասի տարածշրջանին վրայ, Հայաստան-Սփիւռք բացակայող համագործակցութեան պատճառներուն եւ յատկապէս Ցեղասպանութեան յղացքին մասին վարչապետ Փաշինեանի կատարած յայտարարութիւններուն…