Դատապարտող Ուղերձ՝ Ռուբէն Վարդանեանի, 44-օրեայ Պատերազմի Ռազմագերիների եւ Արցախի Ղեկավարութեան Նկատմամբ Անօրինական Վերաբերմունքի Վերաբերեալ․ Հայկական PR Ընկերակցութիւն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայկական Փի Ար ասոցիացիան (ընկերակցութիւնը, «ԵՌԱԳՈՅՆ») խստօրէն կը դատապարտէ ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ Ռուբէն Վարդանեանի, Արցախի ղեկավարութեան եւ 44-օրեայ պատերազմի հայ ռազմագերիներուն նկատմամբ իրականացուող խոշտանգումները, անօրինական ձերբակալութիւնները եւ անարդար դատավարութիւնները։ Այս գործողութիւնները ոչ միայն կոպտօրէն կը խախտեն միջազգային համաձայնագրերով ամրագրուած մարդու իրաւունքները, այլեւ կը հանդիսանան ազրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութեան շարունակութիւնը՝ նպատակ ունենալով վախի մթնոլորտ ստեղծելու եւ ճնշելու ինչպէս Հայաստանի մէջ, այնպէս ալ՝ անոր սահմաններէն դուրս ապրող հայութիւնը։

44-օրեայ պատերազմէն առայսօր տասնեակ հայեր՝ պետական, ռազմական եւ հասարակական գործիչներ, ինչպէս նաեւ մեր հայրենակից ռազմագերիները կը պահուին ազրպէյճանի բանտերուն մէջ, կ՝ենթարկուին անմարդկային վերաբերմունքի՝ խոշտանգումներու, հոգեբանական ճնշումներու՝ ներգրաւուելով կեղծ մեղադրանքներով շինծու դատավարութիւններու մէջ։ Անոնց նկատմամբ իրականացուող վայրագութիւնները կը հակասեն Ժընեւի համաձայնագրին, Մարդու իրաւունքների եւրոպական համաձայնագրին եւ բոլոր միջազգային իրաւական չափանիշներուն։

Հայաստանի իշխանութիւնները պարտաւոր են անյապաղ բոլոր հնարաւոր դիւանագիտական, իրաւական եւ քաղաքական միջոցները ձեռնարկելու՝ պաշտպանելու իրենց քաղաքացիներն ու ապահովելու անոնց ազատ արձակումը։ Հայաստանի պետական կառոյցներուն չէզոքութիւնը կամ անարդիւնաւէտ քայլերը անընդունելի են եւ չեն կրնար արդարացուիլ։

Միաժամանակ, միջազգային հանրութիւնն ու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան կազմակերպութիւնները պէտք է դադրեցնեն անտարբերութիւնը եւ գործուն քայլեր ձեռնարկեն՝ ձեռնպահ մնալ հայ ռազմագերիներու նկատմամբ անմարդկային վերաբերմունքէն եւ խոշտանգումներէն, միաժամանակ ստիպեն ազրպէյճանին դադրեցնելու շինծու դատավարութիւնները։ Այս հարցը պէտք է բարձրացուի ՄԱԿ-ի, Եւրոպայի խորհուրդին մէջ, ԵԱՀԿ-ի եւ բոլոր հնարաւոր միջազգային հարթակներու մէջ, որոնք տարիներ շարունակ ամենաբարձր միջազգային ամպիոններէն բարձրաձայնած են մարդու իրաւունքներու կարեւորութիւնն ու գերակայութիւնը։ Պէտք է կիրառուին համապատասխան պատժամիջոցներ, որպէսզի ազրպէյճանը պատասխանատւութիւն կրէ իր պատերազմական յանցագործութիւններուն համար։

Մենք կը պահանջենք Ռուբէն Վարդանեանի, Արցախի ղեկավարութեան եւ բոլոր հայ ռազմագերիներուն անյապաղ ազատ արձակումը։ Մարդու իրաւունքները, արդարադատութիւնը եւ միջազգային օրինականութիւնը պէտք չէ դառնան քաղաքական շահարկումներու եւ ցեղական ատելութեան զոհ։