Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդը Դիմած է Միջազգային Քրէական Դատարանի Դատախազին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը՝ Փարիզի փաստաբաններու պալատի եւ միջազգային քրէական դատարանի փաստաբան՝ Պարոն Սեւակ Թորոսեանի միջոցով, կապ հաստատած է միջազգային քրէական դատարանի դատախազին հետ:

2020 թուականի Սեպտեմբեր 27-էն մինչեւ 2023 թուականի Հոկտեմբեր 4 Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) բնակչութեան դէմ ազրպէյճանի լայնածաւալ ռազմական յարձակումը պատճառ դարձաւ 120,000 հայերու գաղթի եւ անոնց քանի մը հազարամեայ քաղաքակրթական ժառանգութեան կորուստի։

Բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ ՄՔԴ-ի առաջին դատախազ` պարոն Լիւի ՄՈՐԵՆՕ ՕՔԱՄՊՈն՝ պահպանած են ցեղասպանութեան, մարդկութեան դէմ ուղղուած եւ պատերազմական յանցագործութիւնները՝ ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուած վայրագութիւնները որակելու համար:

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ՝ պարոնայք Արա ԹՈՐԱՆԵԱՆը եւ Մուրատ ՓԱՓԱԶԵԱՆը վերջերս Ֆրանսայի կառավարութեան կոչ ըրին հարցը փոխանցելու ՄՔԴ՝ ազրպէյճանի հանրապետութեան նախագահ՝ պարոն իլհամ ալիեւի նկատմամբ հետաքննութիւն սկսելու նպատակով։

Ողջ Արեւմուտքը մինչ այժմ չէ ունեցած խիզախութիւն:

1915 թուականէն ի վեր ասիկա երկրորդ անգամն է, որ հայերը կը բախին արդարադատութեան նման ժխտման։ Այս իրավիճակը անթուլատրելի է։ Միջազգային քրէական դատարանի նպատակն է չէզոքացնել ցեղասպան առաջնորդներն ու վերջ դնել ժխտողականութեան բոլոր ձեւերուն:

Ամփոփելով վերոշարադրեալը եւ հիմք ընդունելով Հռոմի կանոնագրութեան 15-րդ յօդուածը,

Հաագայի դատախազին կը խնդրեն՝

– համարել, որ 2020-2023 թուականներուն Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն դէմ կատարուած յանցագործութիւններուն համար առկայ են հետաքննութիւն սկսելու ողջամիտ հիմքեր,

– դիմել Նախաքննական պալատին՝ Լեռնային Ղարաբաղի վիճելի տարածքին նկատմամբ դատարանի տարածքային իրաւասութեան հետ կապուած հարցով,

– ձերբակալութեան միջազգային հրաման արձակել՝ ազրպէյճանի հանրապետութեան նախագահ՝ պարոն իլհամ ալիեւի եւ բոլոր այն անձերու նկատմամբ, որոնք մասնակցած են 2020-2023 թուականներուն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կատարուած յանցագործութիւններուն: