ԱՀ Նախագահը ՀՀ ԱԺ Նախագահ Ալէն Սիմոնեանէն Կը Պահանջէ՝ Հրապարակային Ներողութիւն Խնդրել Արցախի Տեղահանուած Ժողովուրդէն

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը խստօրէն կը դատապարտէ ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալէն Սիմոնեանի կողմէ երէկ խորհրդարանի բարձր ամպիոնէն եւ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ընթացքին հնչած գնահատականները՝ կապուած արցախցիներու պայքարին, հայրենիքի պաշտպանութեան եւ Արցախի իշխանութիւններու գործողութիւններուն հետ, որմով փոթորկած է Արցախի բռնի տեղահանուած ժողովուրդի՝ արդէն իսկ չխաղաղող հոգիները:

Այս յայտարարութեամբ Ալէն Սիմոնեանը փորձած է նուաստացնել Արցախի ժողովուրդին հերոսական պայքարը աւելի քան 9-ամսեայ պաշարման եւ անկէ ետք վրայ հասած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն ժամանակ:

Սամուէլ Շահրամանեանը հարկ կը համարէ մէկ անգամ եւս ընդգծելու, որ արցախցին ըրած է իրմէ կախուած ամէն բան, որ շարունակէ ապրիլ պատմական հայրենիքի մէջ, սակայն, կռիւը չի տարուիր միայն մարտի դաշտի մէջ, այլեւ քաղաքական ու դիւանագիտական ճակատներու վրայ, որոնց առաջնագիծին է նաեւ Ալէն Սիմոնեանը, որ տարբեր ժամանակահատուածներ, մեկնելով քաղաքական եւ այլ նպատակայարմարութենէ, Արցախի եւ Հայաստանի համար կարեւորագոյն հարցերու մէջ փոխած է իր կարծիքն ու դիրքորոշումը:

Արցախի իշխանութիւնները ոչինչ խնայած են, որ հայրենիքը պաշտպանած զինծառայողները իրենց միայնակ չզգան եւ ռազմական գործողութիւններու դադարէն ետք կարենան անվնաս դուրս ելլել իրենց դիրքէն կամ շրջափակումէն:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահը կը պահանջէ ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալէն Սիմոնեանէն՝ հրապարակային ներողութիւն խնդրել Արցախի տեղահանուած ժողովուրդէն եւ զերծ մնալ արցախցիներու պայքարն ու հայրենիքի պաշտպանութիւնը սակարկման ենթարկող որեւէ գնահատականէ՝ միաժամանակ մեկնաբանել սեփական յայտարարութիւնը, թէ ով եւ որուն կը զանգէր Արցախէն ու կը խնդրէր բանալ այսպէս կոչուած սահմանը:

Հաշուի առնելով արցախցիներուն մէջ Ալէն Սիմոնեանի յայտարարութեան լայն բացասական արձագանգը՝ Սամուէլ Շահրամանեանը կը յորդորէ պառակտիչ եւ վտանգաւոր յայտարարութիւններու փոխարէն ՀՀ Ազգային ժողովի բարձր ամպիոնը օգտագործել արցախահայութեան գոյաբանական խնդիրներու լուծման համար, ամբողջ ուժն ու ջանքերը ուղղել արցախցի քոյրերուն եւ եղբայրներուն առաջարկուող բնակարանային ապահովման տապալուած ծրագրի վերանայման եւ բաւարար պայմաններ ստեղծել, որ արցախցիները մնան Մայր Հայաստանի մէջ:

Արցախի տեղեկատուական շտաբ

Ամբողջական հոդվածը կարող եք կարդալ այս հասցեով՝ https://yerkir.am/hy/article/2025/02/12/287126