
ազրպէյճանցիները Վնասած եւ Պղծած են Ծիծեռնավանքի Խորանը
Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում իրականացնող monumentwatch.org կայքը կը գրէ.
«2025 թուականի Փետրուարին համացանցի վրայ տարածուած լուսանկարներէն պարզ դարձաւ, որ ազրպէյճանական կողմը վնասած է Ծիծեռնավանքի խորանը: Լուսանկարներէն կ՝երեւի, որ ջարդուած է խորանին վրայ գտնուող սուրբ սեղանը եւ խաչակալը: Նշենք, որ դեռ 2023 թուականին պղծուած էր եւ վնասուած Ծիծեռնավանքի տաճարը:
Ծիծեռնավանքի տաճարը դեռ 2020 թուականի Դեկտեմբերէն, երբ Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանը անցաւ ազրպէյճանական վերահսկողութեան ներքոյ, դարձած է ազրպէյճանի աղուանա-ուտիական համայնքի քարոզչական թիրախներէն մէկը: Հակառակ այս բոլորին տաճարը պարբերաբար կը պղծուի:
Ծիծեռնավանքին հասցուող շարունակական վնասը կը խօսի կանխամտածուած ըլլալու փաստի մասին։ Եւրոպական Խորհրդարանին կողմէ դեռ 2022 թուականին ընդունուած 2582-րդ՝ «Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մասին» բանաձեւը, ուր Եւրոպական խորհրդարանը ազրպէյճանին պարտաւորեցուցած էր ապահովել հայկական ժառանգութեան տարածքներուն մէջ ցանկացած միջամտութեան բացառումը՝ պահպանելու ժառանգութեան իսկութեան սկզբունքները, իսկ վերականգնման աշխատանքները կատարելու բացառապէս այդ սկզբունքին համաձայն։ Եկեղեցւոյ պղծումը կը խախտէ նաեւ ժառանգութեան մշակութային կարեւորութեան չափանիշը՝ հաստատուած Պուրրայի (Աւստրալիա, ԻԿՕՄՕՍ) 1999 թ. կանոնադրութեամբ: Եւ այստեղ, պատմական ապացոյցներու ոչնչացման հետ կապուած հարկ է նշել, որ ըստ մշակութային կարեւորութեան չափանիշի, ժառանգութեան պատմական արժէքի պահպանում կը նշանակէ, թէ ինչպէս պահպանուած են արժէքի պատմական ապացոյցները (Պուրայի խարտիա յօդուած 2.3)։ Եւ աւելին, «ցանկացած միջամտութիւն, որ կը կատարուի ժառանգութեան հետ, յանգեցնելով մշակութային կարեւորութեան այս կամ այն տարրի կորուստին՝ պատմական, գեղագիտական, հոգեւոր եւ սոցիալական առումներով, կը զրկէ ժառանգութիւնը իր հիկմնական նշանակութենէն՝ ոչնչացնելով զայն»։
Եկեղեցւոյ պղծումը եւ վնասումը կը խաթարէ կառոյցի ամբողջականութիւնը։ Եւ ինչպէս հաստատուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի փորձագիտական 36-րդ հանդիպման ժամանակ «ամբողջականութիւնը ժառանգութեան կարողութիւնն է, որմով անիկա կ՝ապահովէ եւ կը պահպանէ այդ նշանակութիւնը կարեւորութիւնը ժամանակի ընթացքին»։ Ամբողջականութեան սկզբունքին համաձայն պահպանումը կ՝ենթադրէ նախ եւ առաջ ժառանգութեան արժէքները փոխանցող տարրերու պահպանութիւնը՝ միաժամանակ հաշուի առնելով թէ՛ առանձին տարրերու եւ թէ՛ անոնց եւ ամբողջի փոխյարաբերութիւնները։ Անդրադառնալով մարդկային վնասակար ազդեցութեան՝ գործառնական ուղեցոյցը կու տայ լրացուցիչ բացատրութիւն. «Ամբողջականութեան պահպանութեան համար ժառանգութեան բոլոր յատկանիշները պյտք է ըլլան անփոփոխ»»։