Արա Բաբլոյեանի Շնորհաւորական Ուղերձը՝ Առաջին Հանրապետութեան Խորհրդարանի Անդրանիկ Նիստի Գումարման 100-րդ Տարեդարձին Առիթով

Հայաստան

ՀՀ ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան խորհրդարանի անդրանիկ նիստի գումարման 100-րդ տարեդարձին առիթով: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ Ազգային ժողովի հանրային կապերու վարչութենէն։

Ուղերձին մէջ ըսուած է.

«Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի սիրելի հայրենակիցներ,

հարիւր տարի առաջ այս օրը Հայաստանի առաջին հանրապետութեան խորհրդարանը` Հայաստանի խորհուրդը, Աւետիք Սահակեանի ղեկավարութեամբ գումարեց իր անդրանիկ նիստը: Մայիսեան հերոսամարտերուն իբրեւ արդիւնք ծնունդ առած եւ դժուարին օրեր ապրող նորանկախ երկրին մէջ այդ պատմական օրէն ի վեր վերստին սկսաւ պետականաշինութեան եւ օրինաստեղծ աշխատանքի ժամանակը, որ կանգ առած էր հարիւրամեակներ առաջ:

Իր ժամանակներուն նման դժուարին եղաւ հայոց անդրանիկ խորհրդարանի աշխատանքն ու անցած ճանապարհը, բայց անիկա բացառիկ դեր ունեցաւ ազգային օրէնսդրութեան մշակման, դատական համակարգի ձեւաւորման եւ ընդհանրապէս Հայաստանի պետական ու հասարակական կեանքի կազմակերպման գործին մէջ: Հայաստանի խորհուրդը սկսաւ գործել պետական իշխանութեան մարմիններու դեռ ձեւաւորուած չըլլալու պայմաններով եւ յաճախ կատարեց նաեւ գործադիր իշխանութեան աշխատանքը` ընդունելով ոչ միայն բազմաթիւ օրէնքներ ու օրէնքի ուժ ունեցող իրաւական փաստաթուղթեր, այլեւ հարիւրաւոր վարչական հրահանգներ ու որոշումներ, որ կապուած էր սովի ու համաճարակներու դէմ գործուն պայքարի եւ անգամ կրթական գործի կազմակերպման հրամայականով:

Հայաստանի խորհուրդը՝ կազմաւորումէն հազիւ մէկ տարի անց՝ եւրոպական տարբերակով մշակեց ժամանակի ու պայմաններու համար առաւել քան ժողովրդավարական ընտրական օրէնք եւ ընդհանուր, ուղղակի, հաւասար ու գաղտնի քուէարկութեամբ կազմակերպեց նոր խորհրդարանի ընտրութիւնները:

Հայաստանի խորհուրդը իսկապէս ներկայացուցչական մարմին էր, որուն մէջ ընդգրկուած էին երկրի բոլոր հիմնական քաղաքական ուժերու, ազգերու, ինչպէս նաեւ արեւմտահայ գաղթականութեան ներկայացուցիչները:

Զարմանալի է, բայց ըլլալով ընտրութիւններու միջոցով չձեւաւորուած խորհրդարան` անիկա հաստատակամօրէն ստեղծեց ու զարգացուց խորհրդարանական ժողովրդավարութեան աւանդոյթները, ձեւաւորեց քաղաքական կառավարման մշակոյթ, որ մեծ դեր ունեցաւ նաեւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու եւ քաղաքական մտքի զարգացման համար:

Սիրելի հայրենակիցներ, կը շնորհաւորեմ բոլորս այս նուիրական տարեդարձին առիթով, կ՝ուզեմ, որ ըստ արժանւոյն գնահատենք մեր պատմութիւնը ու հպարտանանք անով:

Կը մաղթեմ, որ պահպանենք ու փայփայենք մեր հայրենիքի` 20-րդ դարավերջին այնքան սուղ գինով ստեղծուած երրորդ պետականութեան ինքնիշխանութիւնը եւ յանուն վաղուայ օրուան՝ ընենք ամէն ինչ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը բոլոր առումներով ժողովրդավարական, հասարակական, իրաւական պետութիւն դարձնելու համար»:

 

Leave a Reply