Ցեղասպանութիւնը Կը Շարունակէ Մնալ Գերմանիոյ եւ Հայաստանի Սերունդներու Ընդհանուր Հիմնախնդիրը. Գերմանիոյ Դեսպան

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի մէջ ԳԴՀ-ի դեսպանատունը հաղորդագրութիւն հրապարակած է դեսպան Գլաուտիա Պուշի Ծիծեռնակաբերդ այցելութեան վերաբերեալ։

«Ծիծեռնակաբերդ։ 20-րդ դարը կը կրէ սարսափելի զանգուածային ջարդերու, ցեղական զտումներու, տեղահանութիւններու, ցեղասպանութիւններու հետքը։ Այդ պատմական յիշողութիւնը կը շարունակէ մնալ Գերմանիոյ եւ Հայաստանի սերունդներուն ընդհանուր հիմնախնդիրը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։