
Միացէ՛ք Յանուն Մեր Հայրենակիցներու Ազատութեան եւ Հայ Ժողովուրդի Հաւաքական Արժանապատւութեան
«ԱՊԱՌԱԺ»
Արցախեան խումբ մը կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ՝ Յունուար 17-ին, ժամը 11:30-ին, ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակին մօտ պիտի մեկնարկէ հանրային շարժում հայ գերիներու ազատ արձակման պահանջով, որմէ ետք երթ պիտի ըլլայ դէպի ՀՀ արտաքին գործերու նախարարութեան շէնք:
ազրպէյճանի մէջ գտնուող 16 գերիներու ապօրինի ու ձեւական դատավարութեան մեկնարկին առիթով կազմակերպուող շարժման միջոցով պահանջներ պիտի ուղղուին թէ՛ ՀՀ իշխանութիւններուն եւ թէ՛ միջազգային հանրութեան տարբեր անդամներու՝ ազատելու հայ գերիները եւ երաշխաւորելու անոնց իրաւունքներու պաշտպանութիւնը:
Միացէ՛ք յանուն մեր հայրենակիցներու ազատութեան եւ հայ ժողովուրդի հաւաքական արժանապատւութեան: