Քիչ մը Ժպիտ Փոքրիկներուն․ Արցախի ՀՕՄ-ի «Ժպիտ» Ամանորեայ Ծրագիրը

Հայաստան, Սփիւռք

Յունուար 11-ին եւ 12-ին կայացած է ՀՕՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնած «Ժպիտ» ամանորեայ ձեռնարկը։ Ծրագիրը նախատեսուած էր 2020 թ. պատերազմին զոհուածներու եւ անհետ կորածներու 4-6 տարեկան, 2023 թ. Սեպտեմբեր 19-ի պատերազմին եւ Սեպտեմբեր 25-ին վառելիքի պահեստի պայթիւնէն զոհուածներու եւ անհետ կորածներու 2-6 տարեկան Արցախէն տեղահանուած երեխաներուն համար։

Ծրագրի հովանաւորութիւնը առաւելապէս ստանձնած է ՀՕՄ-ի ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի վարչութիւնը, միացած են նաեւ ՌԴ-ի մէջ գործող «Սասնայ տուն» Հայոց լեզուի առցանց դպրոցը, «Լորիկ» բարեգործական հիմնադրամը, ՀՅԴ ԱԵՄ-ը, ՀՕՄ-ի Հայաստանի եւ Արցախի միաւորի անդամներ եւ այլ նուիրատուներ։ Միջոցառումը իրականացուած է ՀԱՍԵ Արցախի թեմի տրամադրած դահլիճին մէջ։ Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութիւնը բոլոր երեխաներուն տրամադրած է փոքրիկներու համար նախատեսուած Աստուածաշունչ։ Երեխաներուն հիւր գացած էին «էլֆերը», որոնք խաղերու եւ մրցոյթներու միջոցով խինդ ու ուրախութիւն պարգեւած են անոնց։

ՀՕՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի ատենապետուհի Մելանիա Պալայեանը իր խօսքին մէջ շնորհաւորած է անցած տօները եւ մաղթած երջանիկ կեանք՝ խաղաղ երկնքի տակ։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՕՄ-ի ԿՎ-ին, ՀՕՄ-ի Արեւելեան շրջանին, ՀՕՄ-ի Հայաստանի կառոյցին ինչպէս նաեւ նախաձեռնութեան միացած բոլոր աջակիցներուն։ «Մեր կորուստն անչափելի է, բայց մենք պէտք է աւելի ուժեղ, աւելի յամառ գտնուենք եւ յաղթահարենք բոլոր դժուարութիւնները։ Մենք նաեւ այստեղ հաւաքուել ենք հասկանալու, որ մենակ չենք, մեր կողքին կան այնպիսի նուիրեալներ, որոնք մեր մասին մշտապէս մտահոգ են եւ այս առումով ուզում եմ յատկապէս շեշտել Հայ Օգնութեան Միութեան՝ հայ կանանց ամենամեծ կառոյցի մասին»,- ըսած է ան։ Մելանիա Պալայեանը նշած է, որ ՀՕՄ-ը 1990-ական թուականներէն Արցախի կողքին է եւ իր բոլոր ծրագրերը կը փորձէ կազմակերպել յանուն Արցախի եւ արցախցիներու։ Եւ այսօր ալ ՀՕՄ-ն արցախցիներու կողքին է։

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զոյա Քոչարեանը, շնորհաւորելով ամանորեայ տօները, մաղթած է, որ նոր տարին ըլլայ սիրոյ, հաւատքի, նուիրումի տարի։ «Ի վերջոյ, ամէն ինչի հիմքում ընկած է սէրը։ Եթէ բոլորս ապրենք սիրով ու հաւատով, իրար թեւ-թիկունք լինենք, ամէն ինչ շատ աւելի լաւ կը լինի։ Ես ուզում եմ, որ դուք պահէք արցախցու հոգու ամրութիւնը, Ձեր հոգում պահէք այն մեծ սէրը, որ կայ Արցախի նկատմամբ եւ հաւատացէք, որ Արցախը մերն է լինելու, մենք յետ ենք գնալու։ Պահէք Ձեր տեսակը, այն շատ հզօր է, պահէք Ձեր հորովելը, այն եւս հզօր է»,- նշած է ան։

Միջոցառման կայացած ըլլալուն ամենամեծ ապացոյցը ուրախութենէն փայլող երեխաներուն աչքերն էին։ «Ուզում եմ շնորհակալութիւն յայտնել ՀՕՄ-ին, որ միշտ մեր բալիկների կողքին է գտնւում։ Թող յաջողութեամբ պսակուի Ձեր ձեռնարկած ցանկացած գործ»,- ըսած է ձեռնարկին ներկայ մայրերէն մէկը։

Լուսանկարը` Տիրուհի Իշխանեանի