
Գործարկուած է ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն Վերաբերեալ Երկլեզու Տեղեկատուական Կայք
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը, պաքուի մէջ սպասուող հայ գերիներու ձեւական դատավարական գործընթացի մեկնարկին ընդառաջ՝ www.freearmenianhostages.net եւ www.freearmenianhostages.am հասցէներով գործարկած է տեղեկատուական կայք՝ նպատակ ունենալով հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով բարձրացնել իրազեկուածութիւնը ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներուն՝ ներառեալ Արցախի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան դէմ իրականացուող շինծու դատաիրաւական գործընթացներուն վերաբերեալ։
Այս կայքը կրնայ օգտակար ըլլալ ազրպէյճանի մէջ անօրինական պահուող հայ գերիներու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող ինչպէս հայկական, այնպէս ալ օտար կազմակերպութիւններու համար՝ իբրեւ տեղեկատուական շտեմարան։
ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու միջազգային ցանցը տարբեր ուղղութիւններով կը շարունակէ աշխատանքը՝ պաքուի մէջ սպասուող դատական գործընթացին հանդէպ միջազգային ուշադրութեան առարկայացման եւ պահուող անձանց տունդարձի աշխատանքներուն նպաստելու համար։
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
13 Յունուար 2025 թ․