
Զօրակցութեան Կոչ/Հրաւէր
պաքուի մէջ կ՝ընթանան մեր գերեվարուած հայրենակիցներուն «դատավարութիւնները», յառաջիկային պիտի սկսին Արցախի պատանդառուած ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ մեր միւս գերեվարուած հայրենակիցներուն «դատավարութիւնները»:
Այսու մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Արցախի պատանդառուած ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ միւս գերեվարուած մեր հայրենակիցներուն այս վճռական ժամուն՝ հասկնալով հանդերձ, որ պաքուի մէջ բռնութեամբ կորզուած որեւէ այսպէս կոչուած «ցուցմունք» չի կրնար հիմք հանդիսանալ մեր կարծիքի փոփոխութեան եւ մեր գործողութիւններու վերանայման համար: Մենք շատ լաւ կը պատկերացնենք, թէ ինչպիսի՛ պայմաններու մէջ կորզուած են բոլոր հնարաւոր «ցուցմունքները» եւ թէ ինչ ճնշման տակ գտնուած են ու կը շարունակեն մնալ մեր բոլոր պատանդները:
Մենք միասնական ենք պաքուի պատանդառած մեր հայրենակիցներուն աջակցութեան հարցով՝ վստահեցնելով, որ մենք անոնց կողքին ենք, եւ որ պաքուի որեւէ ճնշում չի կրնար սասանել ո՛չ մեր աջակցութիւնը, եւ ո՛չ ալ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի կամքը՝ սեփական պետութեան եւ սեփական քաղաքացիներուն տէր կանգնելու եւ վերջիններս Հայրենիք վերադարձնելու համար:
Կոչ կ՝ընեմ Հայաստանեան եւ սփիւռքեան լայն հանրութեան, տարբեր հանրային-քաղաքական կառոյցներուն եւ աշխոյժ անհատներուն, ձեր անվերապահ աջակցութիւնը յայտնելու մեր պատանդառուած հայրենակիցներուն, ինչպէս նաեւ ի մի բերելու իրենց տեղեկատուական եւ կազմակերպչական բոլոր միջոցները՝ այս հարցով միասնութիւն եւ արդիւնաւէտ ընթացք ապահովելու համար։
Ձեր հետ ենք, սիրելի եղբայրներ…
Բագրատ արքեպիսկոպոս ԳԱԼՍՏԱՆԵԱՆ
09 Յունուար, 2025թ.